Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հրաժեշտի հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ Յունաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Իոաննիս Քորինթիոսի հետ:
Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Ի. Քորինթիոսին պաշտօնավարման ընթացքին երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ ներդրած ջանքերուն համար, որոնց իբրեւ արդիւնք հայ-յունական յարաբերութիւնները որոշակի յառաջընթաց արձանագրած են:
Յունաստանի դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սերժ Սարգսեանի ջերմ խօսքերուն եւ գնահատականին համար՝ յոյս յայտնելով, որ հայ եւ յոյն ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամութիւնը շարունակուի եւ հիմք հանդիսանայ բոլոր մարզերուն մէջ յարաբերութիւններու յաւելեալ խորացման: