ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի տեղեկութիւններով, տնտեսական ճգնաժամին պատճառով, յունական հրամանատարութիւնը որոշում ընդունած է որոշ չափով կրճատել Քոսովոյի եւ Աֆղանիստանի մէջ առաքելութիւն իրականացնող խաղաղապահներուն թիւը։ Այդ պատճառով ալ, հնարաւոր է որ հայկական ուժերը նոյնպէս որոշ չափով կրճատուին:
Նշենք, որ ՀՀ զինուած ուժերը (ԶՈւ) 2004էն ի վեր կը մասնակցին միջազգային խաղաղարար գործողութիւններու։ Այժմ Քոսովօ կը գտնուին խաղաղապահ 35 զինուորականներ (2 սպայ, 1 ենթասպայ եւ 32 շարքային), որոնք իրենց առաքելութիւնը կ՛իրականացնեն յունական խաղաղապահ ստորաբաժանման կազմին հետ:
2010 Փետրուարէն ի վեր, Հայաստանի Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումը ընդգրկուած է Գերմանիոյ հրամանատարութեան տակ գտնուող ՄԱԱՈւ (Աֆղանիստանի մէջ միջազգային անվտանգութեան աջակցման ուժեր) կազմին մէջ, եւ կ՛իրականացնէ Քունտուզ քաղաքի օդակայանի անվտանգութեան ապահովումը: 2011ին Աֆղանիստան գործուղուած հայ խաղաղապահներուն թիւը աւելցած է՝ հասնելով 121ի։