Print
Category: Հայաստան-Արցախ


arned_20-12-11ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան տուեալներով, Դեկտեմբեր 17ին տեղի կ՛ունենայ «Ական փնտռող ռոպո»չ մրցումի եզրափակիչ փուլը՝ Հայաստանի ռոպոթներու բաց առաջնութեան (Արմռոպոթիքս) ծիրէն ներս:

«Ական փնտռող ռոպո»չ մրցոյթի մասնակիցները նախագծած եւ պատրաստած են ռոպոթներ, որոնք կը խուզարկեն հողածածկ տարածքը, կը գտնեն թաղուած ականները, կը նշեն անոնց դիրքերը եւ կը ստեղծեն հետազօտուող տարածքի ելեկտրոնային քարտէսը:
Մրցոյթին կը մասնակցին 5 խումբեր՝ «Առնէտ», «Միմ», «Ռեւոտեք», «Մայմհաքըր», «Ոզնի»: Մրցոյթը տարիքային սահմանափակում չունի: Խումբերը կազմուած են համալսարաններու ուսանողներէ, շրջանաւարտներէ եւ այլն: Յաղթողներուն համար սահմանուած են մրցանակներ. առաջին դիրք՝ 400,000 դրամ, երկրորդ՝ 300,000, իսկ երրորդ՝ 200,000:
Մրցոյթի կազմակերպիչն է Տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութիւնը, իսկ գլխաւոր հովանաւորն է՝ «Վիւասել» ընկերութիւնը: