Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երէկ Արցախի մէջ նշուեցաւ հայրենիքի համար նահատակւածներու եւ անյայտ կորածներու յիշատակը: Արցախցիները այցելեցին Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ծաղկեպսակներ զետեղեցին  ազատամարտիկներու յուշարձաններուն առջեւ:


ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը յայտնեն,  թէ յուշահամալիր այցելեցին  նախագահ Բակօ Սահակեանը, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը, Ազգային ժողովի խօսնակ Աշոտ Ղուլեանը, վարչապետ Արա Յարութիւնեանը, պաշտօնատար այլ անձեր, հիւրեր Հայաստանէն եւ դուրսէն: