Շաբաթ՝ 19 Նոյեմբերին, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանական պատուիրակութեանց հանդիպում մը, որու ընթացքին քննարկուեցան Հա
յաստանի եւ Արցախի վերաբերեալ շարք մը խնդիրներ:
Հանդիպումէն ետք, Արցախի Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան պատասխանատու Դաւիթ Իշխանեան նշեց, որ իրենց խորհրդարանական խմբակցութեան տարեկան ծրագիրով նախատեսուած է տարեկան երկու հանդիպում:
«Արցախի Ազգային ժողովի Դաշնակցութեան խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ` առաջին հանդիպումը որոշեցինք կայացնել Երեւանի մէջ: Շարք մը հարցեր քննարկուեցան` թէ՛ օրէնքներու նախագիծներու ընդունման եւ թէ՛ մեր համագործակցութիւնը աւելի գործնական դարձնելու ու խորացնելու առումով»,- ըսաւ ան:
Իշխանեանի խօսքով` թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան, թէ՛ Արցախի Հանրապետութեան շարք մը օրէնքներու ընդունումը մէկ դաշտի մէջ է, եւ նոյնաբովանդակ օրէնքներու ընդունման անհրաժեշտութիւն կայ:
«Տպաւորութիւն ստեղծուած է, որ Հայաստանի մէջ այս կամ այն օրէնքի ընդունումէն ետք Արցախի մէջ ալ պարտադիր այդ օրէնքները կ՛ընդունուին` իբրեւ կանոն, եւ այսպէս ըսած` Արցախի խորհրդարանը կարծես թէ դերակատարութիւն չունի ու կրկնօրինակելու ձեւական բնոյթ կը կրէ: Կը փորձենք այդ ամէնը քիչ մը այլ ուղղութեամբ կատարել եւ քննարկումներու միջոցով ելքեր փնտռել` աւելի գործնական ըլլալու, աւելի նախաձեռնողականութիւն ցոյց տալու առումով»,- շեշտեց ան:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան պատասխանատու Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը միակ կուսակցութիւնն է, որ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի Ազգային ժողովներուն մէջ ունի խմբակցութիւն, եւ երկու տեղերուն մէջ ալ ընդհանուր պետական, ազգային ծրագիրները նոյնն են, որովհետեւ նոյն կուսակցութեան հետապնդած խնդիրներուն կը ծառայեն:
Ըստ Ռուստամեանի՝ միշտ անհրաժեշտութիւն կ՚առաջանայ, որպէսզի պարբերաբար հանդիպին եւ քննարկեն այն հարցերը, որոնք պէտք է համադրուին, համակարգուին, եւ հրատապ հարցեր կան, որոնք լուծում ու տեսակէտներու փոխանակում կը պահանջեն: