Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան շատ կարեւոր կը նկատէ Արեւելեան Գործընկերութեան անդամ երկիրներու նախարարներուն եւ փոխ-նախարարներուն հետ հանդիպումը: Ըստ նախարարի համոզումին՝ «Հորիզոն-2020»ին ան
դամակցելէ ետք, Հայաստան պիտի ունենայ նոր կարելիութիւններ՝ գիտակրթական համակարգը եւրոպական կառոյցներուն մէջ համարկելու ուղղութեամբ:
«Մեզի համար կրթութիւնն ու գիտութիւնը յատուկ կարեւորութիւն ունեցող մարզեր են: Դարերով մեր երկիրը գտնուած է տարբեր քաղաքակրթութիւններու քառուղիին վրայ: Այդ քաղաքակրթութիւններու բախումէն մենք շատ բան կորսնցուցած ենք, բայց նաեւ այդ երկիրներու երկխօսութենէն հայ ժողովուրդը շատ բան շահած է: Մեր անկախութեան ձեռքբերումէն ետք մենք կը հաւատանք, որ Հայաստանի համար նոր հորիզոններ կը բացուին քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան վայր հանդիսանալու համար»,- ըսած է Լ. Մկրտչեան:
Դրացնութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման հարցերու Եւրոպական Միութեան Յանձնակատար Եոհաննես Հան դիտել տուած է, որ ասիկա մեծ ջանքերու շարունակութիւնն է, եւ որ Արեւելեան Գործընկերութեան երկիրները Եւրոպական Միութեան հետ աւելի սերտօրէն կը կապուին կրկին:
«Կարեւորագոյնը` սատարել տնտեսական զարգացումներուն, իսկ ատիկա կարելի կը դառնայ, երբ ունիս որակեալ աշխատուժ: Իր կարգին, ասիկա կ՛ենթադրէ, որ պէտք է ըլլան որակաւոր գիտնականներ, եւ անոնք ունենան ամէնէն արդի բոլոր սարքաւորումները:
Մենք պէտք է օգտուինք գիտահետազօտական աշխատանքներու եւ նորարարութեան ներուժէն, որ արդէն առկայ է: Գոյութիւն ունի «Հորիզոն-2020» կոչուող սպառիչ եւ համապարփակ եւրոպական գիտական ծրագիր, որ նախատեսուած է նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիր չհանդիսացողներուն համար, որովհետեւ, ինչպէս գիտէք, գիտութեան եւ հետազօտութիւններու մարզին մէջ սահման գոյութիւն չունի եւ պիտի չունենայ:
Մենք ամէն ինչ կ՛ընենք, որպէսզի յաղթահարենք անցեալի դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները: Մեր խնդիրներէն մէկը այն է, որ ուղեղներու արտահոսքը վերածենք ուղեղներու շրջանառութեան: Մեր Եւրոպական գիտահետազօտական ծրագիրը, ի թիւս այլոց, նախատեսուած եւ յարմարեցուած է ճիշդ այդ նպատակին համար: Այս բոլորը առնչուած են արեւելեան դրացնութեան երկամեայ վեհաժողովներու ընթացքին»,- յայտնած է ան: