Ռուսական «Զէնքի համաշխարհային առեւտուրի վերլուծութեան կեդրոն»ի 2016ի նոր զեկոյցին մէջ նշուած է, որ Հայաստան Ռուսիայէն կը գնէ 6 միաւոր «Սմերչ» համազարկային կրակի հակազդեցիկ համակարգ եւ 6 միաւոր ՏՕՍ-1ա «Սոլնցեպեոկ» ծանր հրանետ: Գնուող համակարգներուն քանակը ներկայացուած է ըստ վերլուծական կեդրոնի տեղեկութիւններուն:
Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ 2015ին պատուիրուած համակարգները Հայաստան պիտի ստանայ 2016 թուականին: Մինչ այդ Հայաստանի զինուած ուժերուն արդէն մատակարարուած «Սմերչ» համակարգները ներկայացուած են Սեպտեմբերի զօրահանդէսի ընթացքին, իսկ «Սոլնցեպեոկ» համակարգները դեռ չեն ներկայացուած:
Հետաքրքրական է սակայն, որ զեկոյցին մէջ չէ նշուած «Իսկանտեր-Է» մարտավարական հրթիռային համակարգներուն եւ «Բուկ» զենիթահրթիռային համակարգներուն մասին, որոնք ցուցադրուած են նոյն զօրահանդէսի ընթացքին։
Վերլուծական կեդրոնին համաձայն՝ «Սմերչ» համակարգներուն համար Հայաստան պիտի վճարէ 60 միլիոն տոլար, իսկ «Սոլնցեպեոկներ»ուն համար՝ 40 միլիոն տոլար:
2016 թուականին Հայաստան պիտի ստանայ նաեւ 2015 թուականին Ռուսիայէն պատուիրուած «Տիգր» զրահամեքենաներ եւ «Իգլա-Ս» դիւրակիր զենիթահրթիռային համալիրներ (երկուքն ալ՝ անյայտ քանակի):
Նշուած զինատեսակները, յիշեցնենք, Հայաստան կը գնէ 2015ին Ռուսիայէն վերցուած 200 միլիոն տոլար արտօնեալ վարկով:
Զեկոյցի Ատրպէյճանին վերաբերող բաժինին մէջ նոր տեղեկութիւններ չկան, վերահաստատուած են Տ-90 հրասայլներու եւ այլ սպառազինութեան մատակարարումներու աւարտին մասին տեղեկութիւնները, որոնք յայտնի էին Մ.Ա.Կ.ի սովորական սպառազինութիւններու արձանագրութիւններէն: