­altՀա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան վար­չա­կան հա­մա­լի­րին մէջ, 15 ­Նո­յեմ­բե­րին, տե­ղի ու­նե­ցած են հայ-յու­նա­կան երկ­կողմ զի­նո­ւո­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան տա­րե­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց մաս­նակ­ցած է ­Յու­նաս­տա­նի ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­

թեան գլխա­ւոր ղե­կա­վար­ման մար­մի­նի մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վար­չու­թեան պետ զօ­րա­վար ­Միլ­թիա­տիս Կ­րիլ­լա­քի­սի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը:

­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ամ­փո­փո­ւած են 2016ի երկ­կողմ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծրա­գի­րին ար­դիւնք­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ հա­մա­ձայ­նե­ցո­ւած եւ ստո­րագ­րո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մի­ջեւ 2017ի զի­նո­ւո­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծրա­գի­րը, ո­րուն մէջ նե­րա­ռո­ւած են միա­ցեալ վար­ժանք­ներ եւ կրթա­կան ծրա­գիր­ներ, ինչ­պէս նաեւ՝ փո­խա­դարձ հե­տաքրք­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող մար­զե­րու մէջ փոր­ձա­ռու­թեան փո­խա­նակ­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ:

­Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ամ­փոփ­ման նպա­տա­կով ­Յու­նաս­տա­նի ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան գլխա­ւոր ղե­կա­վար­ման մար­մի­նի պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը ըն­դու­նո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րի ա­ռա­ջին տե­ղա­կալ ­Դա­ւիթ ­Տօ­նո­յեա­նի կող­մէ: ­Կող­մե­րը բարձր գնա­հա­տած են բա­նակ­ցու­թեանց ար­դիւնք­նե­րը եւ պաշտ­պա­նու­թեան մար­զին մէջ ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մա­կար­դա­կը:
­Բա­նակ­ցու­թեանց եւ հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին քննար­կո­ւած են նաեւ շրջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան առն­չո­ւող հար­ցեր: