Print
Category: Հայաստան-Արցախ

alt2015 թո­ւա­կա­նին, ­Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սի հայ­րա­պե­տա­կան կոն­դա­կով, ­Հա­յոց Ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նա­դիր­ներ Ս. ­Թա­դէոս եւ Ս. ­Բար­թո­ղո­մէոս ա­ռա­քեալ­նե­րու տօ­նը հռչա­կո­ւած է Աս­տո­ւա­ծա­մուխ ­Սուրբ ­Գե­ղար­դի ուխ­տի օր` ի գո­հա­ցումն բա­րե­

պաշտ հա­յոր­դեաց եւ օ­տա­րազ­գի ուխ­տա­ւոր­նե­րու:

Ինչ­պէս կը յայտ­նեն ­Մայր Ա­թո­ռի տե­ղե­կա­տո­ւա­կան գրա­սե­նեա­կէն՝ այս տա­րի ա­ռա­քեալ­նե­րու տօ­նին, ­Դեկ­տեմ­բեր 3ին, Ս. ­Գե­ղար­դը պի­տի բե­րո­ւի ­Մայր ­Տա­ճար:

Մայր Ա­թո­ռը բո­լո­րը կը հրա­ւի­րէ ­Սուրբ Էջ­միա­ծին` մաս­նակ­ցե­լու հա­յոց ա­ռա­ջին լու­սա­ւո­րիչ­ներ Ս. ­Թա­դէոս եւ Ս. ­Բար­թո­ղո­մէոս ա­ռա­քեալ­նե­րու տօ­նի ա­ռի­թով մա­տու­ցո­ւող ­Սուրբ եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րա­գին եւ ստա­նա­լու հրա­շա­գործ Ս. ­Գե­ղար­դէն բաշ­խո­ւող օրհ­նու­թիւնն ու շնորհ­նե­րը: