Արցախի Քարին Տակ գիւղին մէջ (Շուշիի շրջան) «Հայաստան» Հիմնադրամին կողմէ կառուցուող մանկապարտէզը համայնքին մէջ կեանքի կոչուող չորրորդ կարեւորագոյն ենթակառուցուածքն է: Նախորդ տարիներուն հոս կառուցուած է համայնքային կեդրոն, խմելու
ջուրի նոր համակարգ, վերակառուցուած է դպրոցին մարզադահլիճը:
Մանկապարտէզը կը կառուցուի արժանթինահայ բարերարներ Տեւէճիեան, Էքսերճիեան ընտանիքներուն, Գիրգոր Շիմշիրօղլուի, յունահայ եւ կիպրահայ համայնքներու, ինչպէս նաեւ Լ.Ղ.Հ. կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ: Յունաստանի տեղական մարմնի այս տարուան դրամահաւաք-հեռախօսամարաթոնը եւս պիտի ուղղուի մանկապարտէզի ֆինանսաւորման,- կը հաղորդեն Հիմնադրամէն։
Մանկապարտէզին մէջ նախադպրոցական կրթութիւն եւ խնամք կրնան ստանալ աւելի քան 50 երեխայ: Շնորհիւ նորակառոյց կաթսայատան եւ ջեռուցման համակարգին՝ խստաշունչ ձմրան ամիսներուն եւս հոս հնարաւոր պիտի ըլլայ յարմարաւէտ պայմաններ ապահովել: Խաղասարքներով կահաւորուած խաղահրապարակն ալ պիտի ծառայէ մանուկներու բացօթեայ ժամանցին: Մանկապարտէզի շէնքը արդէն կանգուն է, տանիքը` կառուցուած: Շէնքի արտաքին ու ներքին յարդարումը, կաթսայատան կառուցումն ու տարածքի բարեկարգումը աւարտելէ ետք, ամրան, նորակառոյցը իր դռները պիտի բանայ համայնքի 40 փոքրիկներուն առջեւ:
Քարին Տակը ունի շուրջ 650 բնակիչ, որոնց մեծ մասը երիտասարդներ են: Գիւղապետ Մխիթար Առուշանեանի խօսքով` գիւղին մէջ տարիէ տարի կ՛աւելնայ ծնունդներուն թիւը, եւ այստեղ մանկապարտէզի խիստ կարիք կար: «Մեր գիւղացիներն ամուր կապուած են իրենց հողին. նոյնիսկ պատերազմի տարիներին, երբ գիւղն արկերի տակ էր, մերոնք չլքեցին իրենց տունը: Այսօր, համայնքում մէկը միւսին յաջորդող ծրագրերի շնորհիւ քարինտակցիներն ապրում են աւելի բարեկեցիկ կեանքով եւ հաւատով են լցուած վաղուայ օրուայ հանդէպ» ,- կ՛ըսէ գիւղապետը:
Շուշի քաղաքէն 5 քմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող Քարին Տակ համայնքը հիմնադրուած է 18րդ դարուն: Անիկա Արցախեան ազատամարտի ընթացքին մեծապէս տուժած գիւղերէն է: Ամէն տարի, Յունուար 26ին, քարին-տակցիները կը նշեն գիւղի հերոսամարտի ու յաղթանակի օրը: