­altՌու­սիոյ նա­խա­գահ Վ­լա­տի­միր ­Փու­թին հա­մա­ձայ­նու­թիւն տո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի հետ միա­ցեալ զօ­րա­խում­բի մա­սին հա­մա­ձայ­նա­գի­րի ստո­րագրման: 14 ­Նո­յեմ­բե­րին հա­մա­պա­տաս­խան փաս­տա­թուղթ հրա­պա­րա­կո­ւած է ­Ռու­սիոյ ի­րա­ւա­կան տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան պաշ­տօ­նա­կան է­ջին

մէջ:

­Փու­թին ­Ռու­սիոյ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան յանձ­նա­րա­րած է ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մաս­նակ­ցու­թեամբ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րել հայ­կա­կան կող­մին հետ եւ, պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն­նե­րու ձեռք­բեր­ման պա­րա­գա­յին, ­Ռու­սիոյ ա­նու­նով ստո­րագ­րել նշուած հա­մա­ձայ­նա­գի­րը:

­Ռու­սիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը 3 ­Նո­յեմ­բե­րին տո­ւած էր ո­րո­շում, ո­րով ­Ռու­սիոյ նա­խա­գա­հին ա­ռա­ջար­կած էր հայ­կա­կան կող­մին հետ ստո­րագ­րել «­Հա­յաս­տա­նի զի­նո­ւած ու­ժե­րու եւ ­Ռու­սիոյ զի­նո­ւած ու­ժե­րու միա­ցեալ զօ­րա­խում­բին մա­սին հա­մա­ձայ­նա­գիր»: ­Ռու­սիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան ո­րո­շու­մը ­Ռու­սիոյ ի­րա­ւա­կան տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան պաշ­տօ­նա­կան է­ջին մէջ հրա­պա­րա­կո­ւած էր 8 ­Նո­յեմ­բե­րին:

­Հա­մա­ձայն ո­րոշ­ման կից հա­մա­ձայ­նա­գի­րին՝ ­Հա­յաս­տան եւ ­Ռու­սիա կը ստեղ­ծեն զի­նո­ւած ու­ժե­րու միա­ցեալ զօ­րա­խումբ` ­Հա­ւա­քա­կան Անվ­տան­գու­թեան կով­կա­սեան շրջա­նին մէջ, կող­մե­րու անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման նպա­տա­կով:

­Հա­մա­ձայ­նա­գի­րի յա­ւե­լո­ւա­ծին մէջ նշո­ւած է, որ միա­ցեալ զօ­րա­խում­բի ղե­կա­վա­րը պէտք է նշա­նա­կո­ւի հայ­կա­կան զի­նո­ւած ու­ժե­րու գլխա­ւոր հրա­մա­նա­տա­րին կող­մէ` ­Ռու­սիոյ զի­նո­ւած ու­ժե­րու գլխա­ւոր հրա­մա­նա­տա­րին հետ հա­մա­ձայ­նա­բար:

­Խա­ղաղ ժա­մա­նակ միա­ցեալ զօ­րա­խում­բի հրա­մա­նա­տա­րը կ­՛են­թար­կո­ւի ­Հա­յաս­տա­նի հրա­մա­նա­տա­րին, իսկ պա­տե­րազ­մա­կան օ­րե­րուն` ­Ռու­սիոյ հա­րա­ւա­յին ռազ­մա­կան ջո­կա­տի հրա­մա­նա­տա­րին կամ ­Հա­յաս­տա­նի զի­նո­ւած ու­ժե­րու ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րին` կա­խեալ ի­րա­վի­ճա­կէն եւ եր­կու կող­մե­րու գլխա­ւոր հրա­մա­նա­տար­նե­րու ո­րո­շում­նե­րէն:

­Յու­նի­սի ա­ւար­տին, ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը վա­ւե­րա­ցու­ցած էր ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Ռու­սիոյ մի­ջեւ հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան միա­ւո­րո­ւած հա­մա­կարգ ստեղ­ծե­լու մա­սին հա­մա­ձայ­նա­գի­րը: