«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը՝ զուգահեռ իր ենթակառուցուածքային ծրագիրներուն՝ կ՛իրականացնէ նաեւ ընկերային աջակցութեան ծրագիրներ: Այդպիսին է «Բնակարաններ` Գիւմրիի անօթեւան ընտանիքներուն» նախաձեռնութիւնը, որու արդիւնքով 26 ընտանիք
քաղաքի Մուշ եւ Անի թաղամասերուն մէջ այսօր ունի բարենորոգ, կահաւորուած, ջեռուցուող, կենցաղային սարքաւորումներով յագեցած բնակարան: Այս մասին կը հաղորդեն Հիմնադրամէն։
Նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուած է Հիմնադրամի Ա.Մ.Ն. արեւմտեան շրջանի տեղական մարմնի եւ ARTN Shant հեռուստաընկերութեան ջանքերով, իսկ բնակարանները ձեռք բերուած են 2014-15 թուականներու Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած հեռուստամարաթոններու հասոյթներով: ARTN Shant եւ Շանթ հեռուստաընկերութիւններու հանգանակած գումարին իրենց առատաձեռն նուիրատուութիւններով միացած են անհատ բարերարներ:
Եւս մէկ անօթեւան ընտանիք օրերս բնակարան կ’ունենայ: Յաջորդ հեռուստամարաթոնը կը նախատեսուի կազմակերպել 2017ին: Հիմնադրամի Գերմանիոյ տեղական մարմինն ալ համաեւրոպական հեռախոսամարաթոնի ծիրէն ներս երրորդ տարին ըլլալով իր հանգանակութիունները կ՛ուղղէ այս ձեռնարկին: Գերմանահայ համայնքի նուիրաբերած գումարներով առ այսօր Գիւմրիի մէջ ձեռք բերուած է 4 բնակարան: