9 Նոյեմբերին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցելութիւն տուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Դիմաւորումի պաշտօնական արարողութիւններէն ետք, նախագահ Սարգսեան եւ Ապու Տապիի գահաժառանգ իշխան շէյխ
Մոհամէտ պըն Զայէտ Ալ Նահիանի միջեւ տեղի ունեցած է ընդլայնուած կազմով հանդիպում` երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութեանց անդամներուն մասնակցութեամբ. յաջորդած է Սերժ Սարգսեանի եւ շէյխ Մոհամէտ պըն Զայէտ Ալ Նահիանի դռնփակ առանձնազրոյցը:
Նշելով, որ Հայաստան հետամուտ է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն հետ քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացման եւ համախմբուած ու փոխադարձ գործակցութեան զարգացման՝ Հ.Հ. նախագահը նաեւ յոյս յայտնած է, որ այս պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ տեղի ունենալիք բանակցութիւններն ու կնքուելիք պայմանաւորուածութիւնները իրենց զգալի դերը պիտի ունենան երկկողմ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման մէջ:
Նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ նշած է, որ Հայաստանի եւ Արաբական Էմիրութիւններուն միջեւ վերջին տասնամեակին յարաբերութիւնները զարգացման նոր եւ աւելի գործնական փուլ թեւակոխած են, երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած են տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութեան վերաբերող երկու տասնեակէ աւելի փաստաթուղթներ, որոնց վրայ պիտի աւելնան նորերը` այդ այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուած:
Զրուցակիցները համակարծիք եղած են այն մասին, որ դարերու պատմութիւն ունեցող հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարեկամութեան վրայ հիմնուած Հայաստանի եւ արաբական երկիրներու, որոնց կարգին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջ-պետական յարաբերութիւնները յաջողութեամբ կը զարգանան: Երկկողմ փոխադարձ գործակցութեան զարգացման ծիրին մէջ պաշտօնական անձնաւորութիւնները կարեւոր նկատած են երկու երկիրներուն միջեւ պարբերաբար կայացող քաղաքական խորհրդակցութիւնները, ինչպէս նաեւ տարբեր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւնները:
Հայաստանի նախագահը եւ շէյխ Մոհամէտ պըն Զայէտ Ալ Նահիան երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական-տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան ներկայի կշռոյթը խթանելու իմաստով կարեւոր նկատած են միջ-կառավարական յանձնախումբին աշխատանքը, որ անոնց համոզումով նպաստաւոր հարթակ պիտի ըլլայ փոխադարձ շուկաներու ուսումնասիրութեան, տարբեր մարզերու մէջ շահաւէտ ներդրումներու իրականացման, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու տնտեսութեան մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումներու եւ նորարարութիւններու ընթացքին հետեւելու: Կողմերը պայմանաւորուած են Հայաստանի տնտեսութեան մէջ էմիրաթական ներդրումներու ներգրաւումը աւելի աշխուժացնել եւ գործնական դարձնել` արդիւնաւէտ ծրագիրներու մշակման եւ գործադրութեան ճամբով:
Նոյն օրը Հայաստանի նախագահը հանդիպում ունեցած է նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխ-վարչապետ, նախագահական հարցերով նախարար շէյխ Մանսուր պըն Զայէտ ալ Նահիանի հետ:
Նախագահ Սարգսեան այցելած է Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցի, եկեղեցւոյ կից գործող «Արա Խանոյեան» կիրակնօրեայ վարժարան, շէյխ Զայէտ Մեծ մզկիթ եւ Հայաստանի դեսպանատուն: Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի այցելութեան ծիրին մէջ, նախագահը ծաղիկներ զետեղած է Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած խաչքարին առջեւ: Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած գոհաբանական աղօթքէն ետք արտասանած իր խօսքին մէջ, նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձած է եկեղեցւոյ արժէքին` հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման ու յարատեւութեան մէջ:
Հանրապետութեան նախագահը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու իշխող ընտանիքին` ի դէմս Ապու Տապիի գահաժառանգ իշխան շէյխ Մոհամետ պըն Զայէտ Ալ Նահիանի, որ կարելիութիւն տուած է հայկական Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին շինելու: Միացեալ Էմիրութիւններու հիմնադիր նախագահ շէյխ Զայէտի անուան Մեծ մզկիթ այցելութեան ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան մզկիթին մէջ գտնուող դամբարանին առջեւ յարգանքի տուրք մատուցած է շէյխ Զայէտ պըն Սուլթան ալ Նահիանի յիշատակին եւ գրառում կատարած պատուոյ մատեանին մէջ:
Այցելութեան աւարտին տեղի ունեցած է նուէրներու փոխանակման արարողութիւն:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելութեան առաջին օրուան աւարտին, նախագահ Սերժ Սարգսեան Ապու Տապիի մէջ հանդիպում ունեցած է հայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ: