Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՈւ­ղեկ­ցու­թեամբ հան­րա­պե­տու­թեան ա­ռա­ջա­տար բժշկա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն եւ ո­լոր­տի այլ մաս­նա­գէտ­նե­րու, Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տին, ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րին, ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Դ­րա­մա­տան ե­րե­ւա­նեան գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­

նա­տո­ւին ու շարք մը այլ հիւ­րե­րու՝ Հ.Հ. նա­խա­գա­հը եւ տի­կին ­Ռի­տա ­Սարգ­սեան շրջայց կա­տա­րած են ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­րեան հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու ախ­տո­րոշ­մամբ եւ բուժ­մամբ զբա­ղո­ւող ո­լոր­տի միակ մաս­նա­գի­տա­ցո­ւած ա­ռա­ջա­տար բժշկա­կան հաս­տա­տու­թեան, ծա­նօ­թա­ցած՝ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րուն, ո­րա­կեալ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու մա­տուց­ման նպա­տա­կով ստեղ­ծո­ւած պայ­ման­նե­րուն եւ կեդ­րո­նի ըն­թա­ցիկ գոր­ծու­նէու­թեան ու հե­տա­գայ ծրա­գիր­նե­րուն շուրջ զրու­ցած հաս­տա­տու­թեան տնօ­րի­նու­թեան եւ բու­ժանձ­նա­կազ­մին հետ:

Այս մա­սին կը յայտ­նեն նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի հա­սա­րա­կու­թեան եւ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան մի­ջոց­նե­րու հետ կա­պե­րու վար­չու­թե­նէն: ­Կեդ­րո­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցած են, որ ար­դիա­կա­նա­ցո­ւած ա­րիւ­նա­բա­նա­կան կեդ­րո­նի կա­ռոյ­ցին մէջ ստեղ­ծո­ւած են տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին նշա­նա­կու­թեան ոսկ­րա­ծու­ծի փոխ­պա­տո­ւաստ­ման բա­ժան­մունք եւ ցօ­ղու­նա­յին բջիջ­նե­րու տար­րա­լու­ծա­րան: ­Հա­շո­ւի առ­նե­լով կեդ­րո­նի բա­ցա­ռիկ նշա­նա­կու­թիւ­նը յատ­կա­պէս ե­րե­խա­նե­րու ա­րեան քաղց­կե­ղի բուժ­ման հա­մար` ծրա­գի­րը ի­րա­գոր­ծո­ւած է «­Նո­ւի­րիր կեանք» բա­րե­գոր­ծա­կան հիմ­նադ­րա­մի եւ ա­նոր հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի պա­տո­ւոյ նա­խա­գահ տի­կին ­Ռի­տա ­Սարգսեա­նի յանձ­նա­ռու­թեան ու ներդ­րած ջան­քե­րուն շնոր­հիւ:

­Հիմ­նա­նո­րո­գո­ւած է կեդ­րո­նի եօթ-յար­կա­նի մաս­նա­շէն­քը, կա­ռու­ցո­ւած է նոր ե­ռա­յարկ մաս­նա­շէնք: Ար­դիա­կա­նաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը ի­րա­կա­նա­ցո­ւած են Հ.Հ. ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ` Հ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան եւ ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Դ­րա­մա­տան տնտե­սա­ւոր­մամբ: ­Նո­րա­բաց բժշկա­կան կեդ­րո­նը հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռէ մա­տու­ցե­լու ժա­մա­նա­կա­կից, ո­րա­կեալ եւ հա­սա­նե­լի բժշկա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­ներ: ­Հաս­տա­տու­թիւ­նը յա­գե­ցո­ւած է անհ­րա­ժեշտ ժա­մա­նա­կա­կից բժշկա­կան սար­քա­ւո­րում­նե­րով, ո­րոնց զգա­լի մա­սը բա­ցա­ռիկ են ի­րենց նշա­նա­կու­թեամբ եւ միակն են հան­րա­պե­տու­թեան մէջ: