altԱզ­գա­յին ժո­ղո­վին մէջ լրագ­րող­նե­րու հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեան ը­սած է, որ վեր­ջին եր­կու շա­բաթ­նե­րուն 33 սու­րիա­հա­յեր հա­սած են ­Հա­յաս­տան: Անդ­րա­դառ­նա­լով ա­նոնց բնա­կու­թեան վայ­րեր տրա­մադ­րե­լու հար­ցին` նա­խա­րա­րը

դի­տել տո­ւած է, որ կայ եր­կու ձեւ. մէ­կը այն է, որ նոր հաս­նող­նե­րը կը մնան ժա­մա­նա­կա­ւոր կա­ցա­րան­նե­րու մէջ, մին­չեւ տու­ներ վար­ձո­ւին ա­նոնց հա­մար։ Իսկ երկ­րոր­դը՝ ո­մանց հա­րա­զատ­նե­րը ար­դէն ­Հա­յաս­տան կը գտնո­ւին, ուս­տի նոր ե­կող­նե­րը կ­՛ա­պաս­տա­նին ա­նոնց քով, մին­չեւ որ ա­նոնց մնա­յուն տու­ներ ա­պա­հո­վո­ւին:

­Նա­խա­րա­րը հաս­տա­տած է, որ չկայ Ե­րե­ւան գալ փա­փա­քող սու­րիա­հայ մը, ո­րուն հա­մար հա­մա­պա­տաս­խան օգ­նու­թիւն չի ցու­ցա­բե­րո­ւիր: «Չ­կայ ոե­ւէ մէ­կը, որ կ­՛ու­զէ Ե­րե­ւան հաս­նիլ եւ չի հաս­նիր: ­Մենք յստա­կա­ցու­ցած ենք նաեւ, թէ ուր­կէ՛ կրնան գու­մար­ներ ստա­նալ, ի՛նչ քայ­լե­րու պէտք է դի­մեն, որ­պէս­զի Ե­րե­ւան հաս­նին»` յայ­տա­րա­րե­լով, որ նկա­տի ու­նե­նա­լով այս հար­ցին հա­մազ­գա­յին բնոյ­թը, տար­բեր կա­ռոյց­ներ կ­՛օ­ժան­դա­կեն այս նպա­տա­կին:

Ըստ Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեա­նի՝ սու­րիա­հա­յե­րը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կը դի­մագ­րա­ւեն եր­կու հիմ­նա­կան հար­ցեր - բնա­կա­րա­նի եւ աշ­խա­տան­քի: Աշ­խա­տան­քի ա­ռու­մով կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը փոր­ձէ նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու, գոր­ծա­րար­նե­րու մի­ջո­ցով ա­ջակ­ցիլ, որ­պէս­զի ա­նոնք կա­րե­նան գոր­ծա­րա­րա­կան ծրա­գիր­ներ կա­տա­րել, աշ­խա­տիլ եւ ապ­րիլ: Ան ա­ւել­ցու­ցած է, որ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րանն ալ կը փոր­ձէ իր ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը ը­նել` ա­ռա­ջին անհ­րա­ժեշ­տու­թեան կեն­ցա­ղա­յին ի­րեր տրա­մադ­րե­լով:

Բ­նա­կա­րա­նա­յին հար­ցե­րուն մա­սին խօ­սե­լով` նա­խա­րար ­Յա­կո­բեան ը­սած է.- «160 ըն­տա­նիք ի­րենց տու­նե­րուն բա­նա­լի­նե­րը տրա­մադ­րած են մե­զի, եւ մենք այդ տու­նե­րուն մէջ անվ­ճար կը տե­ղա­ւո­րենք սու­րիա­հայ ըն­տա­նիք­ներ»: Ան տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ այս տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, մին­չեւ 30 ­Սեպ­տեմ­բեր, ­Հա­յաս­տան մեկ­նած են 428 սու­րիա­հա­յեր: 30 ­Սեպ­տեմ­բե­րէն ետք, ­Հոկ­տեմ­բե­րին, ­Հա­յաս­տան մեկ­նած է 47 հո­գի: