Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Դեկտեմբեր 13-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով «Մովսէս Խորենացի» մետալով պարգեւատրուած բարերար Վարդ Ալեքսանեանի (Եգիպտոս) եւ հայագէտ, մանկավարժ Յակոբ Չոլաքեանի (Սուրիա) պարգեւներու յանձման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Ջերմօրէն ողջունելով սփիւռքահայ անուանի գործիչներուն՝ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը ներկայացուց Վ. Ալեքսանեանի եւ Յ. Չոլաքեանի երկարամեայ ազգանուէր գործունէութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակի առթիւ, հայապահպանութեան գործով ներդրած ծանրակշիռ աւանդի, հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ օտարերկրեայ պետութիւններու միջեւ բարեկամութեան ամրապնդմանը մեծապէս նպաստելու համար՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը Վարդ Ալեքսանեանին եւ  Յակոբ Չոլաքեանին պարգեւատրեց «Մովսէս Խորենացի» մետալով:
Սիրով եւ հպարտութեամբ յանձնելով  ՀՀ նախագահի պարգեւը‘ նախարար Հ. Յակոբեանը շնորհաւորեց սփիւռքահայ բարերարին եւ հայագէտ, մանկավարժին‘ նշելով, որ «Հայրենիքից դուրս հայ մնալը հերոսութիւն է, հայրենիքից դուրս հայրենասէր լինելը՝ խիզախութիւն, իսկ հայերենիքից դուրս հայրենիքին ծա- ռայելը՝ զոհաբերութիւն»: