­altՀա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան ու Վ­րաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Կէոր­կի Կ­վի­րի­կաշ­վի­լի, 4 ­Նո­յեմ­բե­րին, այ­ցե­լած են սահ­մա­նա­մերձ ­Դե­բեդ գե­տի վրայ ա­պա­գայ ­Բա­րե­կա­մու­թեան ­Կա­մուր­ջի կա­ռուց­ման վայ­րը:

 

 

­Շի­նա­րա­րա­կան պայ­մա­նա­գիր­նե­րը կը ծրագ­րո­ւի կնքել 2017ի ա­ռա­ջին ե­ռամ­սեա­կին, իսկ կա­մուր­ջը պի­տի սկսի օգ­տա­գործուիլ 2018ի ամ­րան կամ աշ­նան:

Իր խօս­քին մէջ ­Հա­յաս­տա­նի եր­թե­ւե­կի, կա­պի ու տե­ղե­կա­տո­ւա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեան նա­խա­րար ­Վա­հան ­Մար­տի­րո­սեան անդ­րա­դար­ձած է Վ­րաս­տա­նի ու Ի­րա­նի հետ ­Հա­յաս­տա­նի փո­խադ­րու­թեան կա­պե­րու զար­գաց­ման կա­րե­ւո­րու­թեան: ­Նոր կա­մուր­ջը պի­տի փո­խա­րի­նէ հին, դեռ 1960ա­կան­նե­րուն կա­ռու­ցո­ւած կա­մուր­ջը եւ պի­տի կա­րե­նայ ըն­դու­նիլ ներ­կայ բեռ­նա­փո­խադր­ման հոս­քը, նաեւ՝ տա­րան­ցիկ բեռ­ներ գրա­ւել:

­Նա­խա­գի­ծի տնտե­սա­ւոր­ման աղ­բիւր­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ա­ռած վարկն է եւ Վ­րաս­տա­նի ու ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու հա­մատն­տե­սա­ւո­րու­մը: Վ­րաս­տա­նի տնտե­սու­թեան ու կա­յուն զար­գաց­ման փոխ-նա­խա­րար ­Կե­նա­տի Ար­վե­լա­ծէ յայտ­նած է, որ հան­րա­պե­տու­թիւ­նը պատ­րաստ է ար­դիա­կա­նաց­նե­լու իր ճա­նա­պար­հա­յին ցան­ցը, որ­պէս­զի լայն ու յար­մա­րա­ւէտ եր­թե­ւե­կի մի­ջանցք տրա­մադ­րէ թէ՛ ա­րեւ­մուտ­քէն ա­րե­ւելք, թէ՛ հիւ­սի­սէն հա­րաւ:

­Նա­խա­րարն ու փոխ-նա­խա­րա­րը նշած են նաեւ նոր նա­խա­գի­ծի խորհր­դան­շա­կան ի­մաս­տը` իբ­րեւ եր­կու դրա­ցի եր­կիր­նե­րու եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու վա­ղե­մի բա­րե­կա­մու­թեան խորհր­դա­նիշ:
­Կա­մուր­ջի շի­նա­րա­րու­թեան մա­սին հա­մա­ձայ­նա­գի­րը, զոր ստո­րագ­րած են ­Հա­յաս­տա­նի ու Վ­րաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը, ու­ժի մէջ մտած է ­Յու­նիս 2015ին:

­Կա­մուր­ջը պի­տի կա­ռու­ցո­ւի ­Վե­րա­կա­ռուց­ման ու ­Զար­գաց­ման Եւ­րո­պա­կան Դ­րա­մա­տան 10,3 մի­լիոն եւ­րօ չա­փի վար­կով: