Ինչպէս յայտնի է, կարճատեւ հիւանդութենէ ետք, կեանքին հրաժեշտ տուաւ «Դրօշակ» պաշտօնաթերթի նախկին գլխաւոր խմբագիր, գրող-հրապարակախօս, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նախկին անդամ Ռուբէն Յովսէփեան: Ան 77 տարեկան էր: Անուանի մտաւորականի մահուան առիթով կազմուած էր կառավարական յանձնախումբ:
Ռուբէն Յովսէփեանի hոգեհանգիստը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 29 Հոկտեմբերին, իսկ հրաժեշտի արարողութիւնը` 30 Հոկտեմբերին, Հայաստանի գրողներու միութեան կեդրոնին մէջ: Յուղարկաւորութիւնը` Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ: Ռուբէն Յովսէփեանը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ղեկավար մարմիններու անդամ էր, 2000-2007 թուականներուն Ազգային ժողովի պատգամաւոր: Քաղաքացիական դիրքորոշումները ան կ՛արտայայտէր իր գործով:
«Որոնումներ», «Ամէնուրեք երկիր», «Ճայերը», «Որդան կարմիր», «Ծիրանի ծառերի տակ», «Ես ձեր յիշողութիւնն եմ», «Խորանարդիկներով տունը»` բազմաթիւ պատմուածքներու եւ վիպակներու հեղինակ է: Անոր բեմագրութիւններուն հիման վրայ նկարահանուած են «Հնձան», «Կարօտ», «Խնձորի այգին» շարժապատկերները:
Հարազատները, ընկերները, ընթերցողները Ռուբէն Յովսէփեանին հրաժեշտի համար հաւաքուած էին Սօս Սարգսեանի անուան համազգային թատրոնին մէջ, ուր տարիներ առաջ Յովսէփեանի «Կարմեն կամ Չինական պարիսպ»-ի բեմականացումներն էին: Գիրքէն հեռացած ընթերցողին թատրոնի օգնութեամբ կը փորձէր մօտենալ:
Անոր համար դժուար պահերուն նոյնիսկ Ռուբէն Յովսէփեանի մտածումներն ու անհանգստութիւնները ներանձնական չէին: «Ես էլ եմ հիւանդ, երկիրն էլ. առաւօտեան Գերմանիա եմ մեկնում` բուժուելու յոյսով: Երկի՛րն ի՞նչ է անելու, ո՞ւր է գնալու», գրողի ֆէյսպուքեան գրառումներէն էր: