alt77 տա­րե­կա­նին կեան­քէն հե­ռա­ցաւ ար­ձա­կա­գիր, թարգ­մա­նիչ, սե­նա­րիստ (բե­մագ­րող) ­Ռու­բէն ­Յով­սէ­փեան:
1962 թո­ւա­կա­նին ա­ւար­տած է Ե.Պ.Հ. երկ­րա­բա­նա­կան բա­ժան­մուն­քը: 1982-1987 թո­ւա­կա­նե­րուն ե­ղած է «­Սո­վե­տա­կան Գ­րող» (այժմ` «­Նաի­րի»)

հրա­տա­րակ­չու­թեան գլխա­ւոր խմբա­գիր, 1988-1989 թո­ւա­կա­նե­րուն՝ ­Հա­յաս­տա­նի Գ­րող­նե­րի ­Միու­թեան քար­տու­ղար, 1989 թո­ւա­կա­նէն` «­Նորք» ամ­սագ­րի գլխա­ւոր խմբա­գիր: ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մշա­կոյ­թի վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծիչ (2014):

1990 թո­ւա­կա­նին ան­դա­մագ­րո­ւած է ­Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան: ­Նոյն թո­ւա­կա­նին ընտ­րո­ւած է Հ.Յ.Դ. ­Հա­յաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ան­դամ, ե­ղած է ­Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը (1990-1992): 1992 թո­ւա­կա­նին, Հ.Յ.Դ. 25րդ Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին կող­մէ ընտ­րո­ւած եւ մին­չեւ 1995 թո­ւա­կա­նը ե­ղած է Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ:

Ա­նոր պատ­մո­ւածք­ներն ու վի­պակ­նե­րը կը յատ­կան­շո­ւին ար­ծար­ծո­ւող թե­մա­նե­րու ար­դիա­կա­նու­թեամբ («Ո­րո­նում­ներ», 1965, «Եր­կու վի­պակ: ­Ճիչ: ­Հա­յոց թաղ», 1970, «Հն­ձան», 1972 (հա­մա­նուն շար­ժան­կար, 1973), «Ա­մե­նա­տաք եր­կի­րը», 1977 (հա­մա­նուն շար­ժան­կար, 1983), «Եր­կար, հրա­շա­լի օր», 1980, «­Ճա­յե­րը», 1980 (ժո­ղո­վա­ծու­ներ): ­Յով­սէ­փեան թարգ­մա­նած է ­Լեւ ­Թոլս­թո­յի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն, ­Կապ­րիէլ ­Կար­սիա ­Մար­քե­սի «­Հա­րիւր տա­րո­ւայ մե­նու­թիւ­նը», ա­պա նաեւ՝ «­Նա­հա­պե­տի ա­շու­նը»: