altԱշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ ­Պիե­լո­ռու­սիա գտնո­ւող ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Կա­րէն ­Կա­րա­պե­տեան ­Մինս­քի մէջ ա­ռանձ­նազ­րոյց ու­նե­ցած է ­Ռու­սիոյ իր պաշ­տօ­նա­կի­ցին` Տ­միթ­րի ­Մետ­վե­տե­ւի հետ:

 

 

Լու­րը կը փո­խան­ցեն կա­ռա­վա­րու­թեան տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան եւ հա­սա­րա­կու­թեան հետ կա­պե­րու վար­չու­թե­նէն:

Ընդգ­ծե­լով այն հան­գա­ման­քը, որ եր­կու եր­կիր­նե­րը նախ եւ ա­ռաջ ի­րա­րու կա­պո­ւած են դաշ­նակ­ցա­յին-ռազ­մա­վա­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րով` վար­չա­պետ­ներ ­Կա­րէն ­Կա­րա­պե­տեանն ու Տ­միթ­րի ­Մետ­վե­տե­ւը կա­րե­ւոր նկա­տած են երկ­կող­մա­նի ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­ռա­ւել խո­րաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող քայ­լե­րը` նկա­տի ու­նե­նա­լով նաեւ այն հան­գա­ման­քը, որ Եւ­րա­սիա­կան տնտե­սա­կան միու­թեան մէջ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Ռու­սիոյ ներգ­րա­ւո­ւա­ծու­թիւ­նը նոր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու եւ հե­ռան­կար­նե­րու դուռ կը բա­նայ:

­Կա­րա­պե­տեան ­մաս­նակ­ցած է Ա.Պ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու ­ղե­կա­վար­նե­րու խոր­հուր­դի ­նիս­տին

­Պիե­լո­ռու­սիոյ նա­խա­գահ Ա­լեք­սանտր ­Լու­քա­շեն­քօ 28 հոկ­տեմ­բե­րին ըն­դու­նած է Եւ­րա­սիա­կան միջ­-կա­ռա­վա­րա­կան խոր­հուր­դի եւ Ա.Պ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու խոր­հուր­դի նիս­տե­րուն մաս­նա­կից եր­կիր­նե­րու պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը:

­Պիե­լո­ռու­սիա կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան ծի­րին մէջ վար­չա­պետ ­Կա­րէն ­Կա­րա­պե­տեան ­Մինս­քի մէջ մաս­նակ­ցած է Ա.Պ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու խոր­հուր­դի նեղ, ա­պա ընդ­լայ­նո­ւած կազ­մով նիս­տե­րուն: Քննար­կո­ւած եւ հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցած են շարք մը նա­խա­գի­ծներ: ­Խոր­հուր­դը հա­մա­ձայ­նու­թիւն տո­ւած է Ա.Պ.Հ. մար­մին­նե­րու 2017ի միաս­նա­կան պիւտ­ճէին եւ 2015ի միաս­նա­կան պիւտ­ճէի կա­տա­րո­ղա­կա­նի նա­խա­գի­ծնե­րուն, ստո­րագ­րո­ւած են շարք մը փաս­տա­թուղ­թեր: