Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան 24 ­Հոկ­տեմ­բե­րին Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ ըն­դու­նած է Ե.Ա.Հ.Կ.ի ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­ներ Ի­կոր ­Փո­փո­վը (­Ռու­սիա), ­Փիեռ Անտ­րիոն (Ֆ­րան­սա), ­Ճէյմս Ո­ւոր­լի­քը (­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ), Ե.Ա.Հ.Կ.ի գոր­ծող նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Ան­ճէյ

­Քասփր­չի­քը:
­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կո­ւած են ատր­պէյ­ճա­նա­կան-ղա­րա­բա­ղեան տագ­նա­պի լուծ­ման եւ վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն առն­չո­ւող հար­ցեր:

­Նա­խա­գահ ­Սա­հա­կեան նշած է, որ Ատր­պէյ­ճան կը շա­րու­նա­կէ հա­ւա­տա­րիմ մնալ իր ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան դիր­քո­րոշ­ման` խախ­տե­լով զի­նա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը եւ չհրա­ժա­րե­լով հա­յա­տեաց քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն:
Ար­ցա­խի նա­խա­գա­հը կա­րե­ւոր նկա­տած է զի­նա­դա­դա­րի դրու­թեան պահ­պան­ման ու խախ­տում­նե­րու բա­ցա­յայտ­ման վե­րա­բե­րող աշ­խա­տա­կարգ­նե­րու մշակ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը` զայն նկա­տե­լով խա­ղաղ հո­լո­վոյ­թի ա­ռանց­քա­յին բա­ղադ­րիչ­նե­րէն մէ­կը:

­Նա­խա­գահ ­Սա­հա­կեան ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նած է ֆրան­սա­ցի պաշ­տօ­նա­թող հա­մա­նա­խա­գահ ­Փիեռ Անտ­րիո­յին` ազ­նիւ ու ար­դիւ­նա­ւէտ աշ­խա­տան­քին հա­մար եւ ա­նոր մաղ­թած է յա­ջո­ղու­թիւն­ներ կեան­քին ու հե­տա­գայ գոր­ծու­նէու­թեան մէջ:
Լ.Ղ.Հ. նա­խա­գա­հին հետ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պու­մէն ետք, լրագ­րող­նե­րուն հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցի ըն­թաց­քին, ռուս հա­մա­նա­խա­գահ Ի­կոր ­Փո­փով յայ­տա­րա­րած է, որ Ար­ցա­խի նա­խա­գա­հին նոր ա­ռա­ջարկ­ներ չեն ներ­կա­յա­ցո­ւած, այլ՝ ար­դէն իսկ սե­ղա­նի վրայ ե­ղած­նե­րու քննար­կու­մը կա­տա­րո­ւած է:

Ա­նոր հա­մա­ձայն՝ 24 ­Հոկ­տեմ­բե­րին ­Պա­քո­ւի մէջ ար­դէն խօ­սո­ւած է այս մա­սին, իսկ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ եւս ման­րա­մասն անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւած է տի­րող վի­ճա­կին եւ զի­նո­ւո­րա­կան ի­րադ­րու­թեան: Ըստ ­Փո­փո­վի՝ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան ներ­կա­յա­ցու­ցած է տե­ղի ու­նե­ցած եւ սպա­սո­ւող փո­փո­խու­թիւն­նե­րը:

Լ­րագ­րող մը հար­ցու­ցած է այս օ­րե­րուն Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կա­տա­րո­ւած թա­փանց­ման փոր­ձին մա­սին. ­Փո­փով դի­տել տո­ւած է, որ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րին հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին այդ հար­ցե­րը պի­տի քննար­կո­ւին:
­Խօ­սե­լով շփման գի­ծին վրայ Ե.Ա.Հ.Կ. դի­տորդ­նե­րու թի­ւին յա­ւել­ման մա­սին` ­Փո­փով դի­տել տո­ւած է, որ հար­ցը տա­կա­ւին մշակ­ման փու­լի մէջ է: