alt24 ­Հոկ­տեմ­բե­րին Հ.Յ.Դ. ­Մամ­լոյ ­Դի­ւա­նը հրա­պա­րա­կեց հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը, ո­րուն մէջ կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ 22-23 ­Հոկ­տեմ­բեր 2016ին Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րո­ւած է Հ.Յ.Դ. մար­մին­նե­րու խորհրդա­ժո­ղո­վը, ո­րուն մաս­նակ­ցած են ­Դաշ­նակ­ցու­թեան աշ­խար­հաս­փիւռ կա­ռոյ­ցի ղե­կա­վար մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­

ցու­ցիչ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ մամ­լոյ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը:

­Խորհր­դա­ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գին վրայ էին ­Հա­յաս­տա­նի մէջ հա­մա­կար­գա­յին բա­րե­փո­խում­նե­րուն, յա­ռա­ջի­կայ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, կա­ռա­վա­րու­թեան վեր­ջին փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րող հար­ցե­րը: ­Ժո­ղո­վը կա­րե­ւոր նկա­տած է ­Հա­յաս­տա­նի մէջ բա­րե­փո­խում­նե­րուն ըն­թաց­քը հան­րու­թեան հա­մար տե­սա­նե­լի դարձ­նե­լու, յա­ռա­ջի­կայ հան­րա­պե­տա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը օ­րի­նա­կա­նու­թեան ու ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ա­ռու­մով ան­խո­ցե­լիօ­րէն ի­րա­կա­նաց­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը:

­Խորհր­դա­ժո­ղո­վը անդ­րա­դար­ձած է նաեւ Ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մին, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի բա­նակ­ցա­յին հո­լո­վոյ­թին, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ նա­խա­տե­սո­ւող սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն եւ այլ հար­ցե­րու: Անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւած է կու­սակ­ցու­թեան քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ ա­նոնց կա­տա­րե­լա­գործ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան` հիմ­նո­ւե­լով ժա­մա­նա­կա­կից ար­հես­տա­գի­տա­կան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուն վրայ: