Հոկ­տեմ­բեր 22ին Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան ըն­դու­նած է Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նած «­Հա­յոց պե­տա­կա­նու­թիւ­նը` միաս­նու­թեան ա­ռանցք» խո­րա­գի­րով լրագ­րող­նե­րու 8րդ ­հա­մա­հայ­կա­կան հա­մա­ժո­ղո­վին մաս­նա­կից­նե­րը: ­Հան­դիպ­ման ներ­կայ ե­ղած է Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեան:

Ող­ջու­նե­լով Ս­փիւռ­քէն ժա­մա­նած հիւ­րե­րը` ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան նշած է, որ հա­մա­ժո­ղո­վին քննար­կո­ւող թե­մա­նե­րը շատ կա­րե­ւոր են, հե­տաքր­քիր ու հրա­տապ` տե­ղե­կա­տո­ւա­կան ո­լոր­տը ո­րա­կե­լով մեր պե­տու­թեան հա­մար ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող ո­լորտ:

«­Ներ­կայ դրու­թեամբ տե­ղե­կա­տո­ւա­կան ո­լոր­տում ա­ւան­դա­կան գեր-խնդիր­նե­րի հետ մէկ­տեղ ա­ռաջ են գա­լիս նո­րա­նոր ա­ռա­ջադ­րանք­ներ ու ա­նե­լիք­ներ: Այս ա­մէ­նը պա­հան­ջում է հա­մա­պա­տաս­խան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ի­րա­կա­նա­ցում տե­ղե­կա­տո­ւա­կան դաշ­տում, սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ Ս­փիւռ­քի լրագ­րող­նե­րի ու լրա­տո­ւա­կան հա­տո­ւած­նե­րի մի­ջեւ»,- «­Հա­յերն Այ­սօր»ի փո­խանց­մամբ` ընդգ­ծած է Լ.Ղ.Հ. նա­խա­գա­հը:

Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է Ար­ցա­խի նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նին` հա­մա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րուն ըն­դու­նե­լու հա­մար եւ ա­ւել­ցու­ցած, որ Ար­ցա­խի մէջ ան­ցու­ցած օ­րե­րը Ս­փիւռ­քէն ժա­մա­նած լրագ­րող­նե­րուն ուժ, նոր լից­քեր կը հա­ղոր­դեն, եւ վե­րա­դառ­նա­լով ի­րենց եր­կիր­նե­րը` ա­նոնք պի­տի շա­րու­նա­կեն ը­նել հնա­րա­ւոր ա­մէն ինչ` յա­նուն Ար­ցա­խի, ­Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դի:

«Այ­սօր մենք պա­տե­րազ­մա­կան ի­րա­վի­ճա­կում ենք ապ­րում: ­Պա­տե­րազմն ու­նի ռազ­մա­կան, դի­ւա­նա­գի­տա­կան, տնտե­սա­կան եւ լրա­տո­ւա­կան բնոյթ: ­Դուք այն զի­նո­ւոր­ներն էք, ո­րոնք ան­դա­մագ­րո­ւել են ի­րա­կան ու վիր­թո­ւալ դաշ­տին եւ պայ­քա­րում են այդ տա­րած­քում, պայ­քա­րում են այս սահ­ման­նե­րից դուրս:

Ե­թէ այս­տեղ մեր հայ­րե­նա­պահ Ար­ցախն է կանգ­նած, ­Դուք ձեր «սահ­ման­նե­րում» պայ­քա­րում էք, որ Ար­ցա­խի խնդիրն իր ար­դա­րա­ցի հան­գու­ցա­լու­ծու­մը ստա­նայ: ­Պայ­քա­րում էք մեր ժողվր­դի ան­կա­խու­թեան եւ ինք­նո­րոշ­ման հա­մար, փոր­ձում ­Հայ ­Դա­տը եւ հայ­կա­կան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նել ձեր երկր­նե­րի քա­ղա­քա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րին եւ հա­սա­րա­կու­թեա­նը:

«­Մենք քաջ գի­տակ­ցում ենք` ե­թէ չլի­նի Ար­ցա­խը, չի լի­նի ­Հա­յաս­տա­նը, չի լի­նի հայ ժո­ղո­վուր­դը: ­Հե­տե­ւա­բար, ­Հա­յաս­տան-Ար­ցախ-Ս­փիւռք բա­ռե­րը իւ­րա­քան­չիւ­րիս սրտի, հո­գու մէջ պէտք է լի­նեն եւ են: Ար­ցա­խը մեր հպար­տու­թիւնն է, մեր խիղճն է, Ս­փիւռ­քը մեր պա­տիւն է, իսկ ­Հա­յաս­տա­նը` մեր յոյ­սը»,- դի­մե­լով հա­մա­հայ­կա­կան հա­մա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րուն` նշած է Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեան:

­Հան­դիպ­ման ա­ւար­տին նա­խա­գահ Բ. ­Սա­հա­կեան պա­տաս­խա­նած է լրագ­րող­նե­րուն կող­մէ բարձ­րա­ցո­ւած տար­բեր հար­ցե­րու` կա­պո­ւած տե­ղե­կա­տո­ւա­կան ո­լոր­տին, ատր­պէյ­ճա­նա­կան-ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման, Լ.Ղ.Հ. ներ­քին եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հետ: