Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան 18 Հոկտեմբերին ընդունած է Հայաստանի մօտ Յունաստանի դեսպան Նաֆսիքա Նենսի Էւա Վրայլան:
Շնորհաւորելով նորանշանակ դեսպանը՝ Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութիւն սկսելուն առիթով, նախարար Լեւոն Մկրտչեան համոզում յայտնած է այն մասին, որ «կրթութեան բնագաւառին մէջ Յունաստանի հետ մեր յարաբերութիւնները զարգացման նոր մակարդակ պիտի արձանագրեն», եւ այդ պարունակին մէջ կարեւոր նկատուած է համագործակցութեան զարգացման ու խորացման վերաբերող գործնական քայլեր իրականացնելը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով առկայ համագործակցութեան համար՝ դեսպան Էւա Վրայլա կարեւոր նկատած է երկու բարեկամ պետութիւններու յարաբերութեանց աշխոյժ զարգացման առումով կրթութեան դերը:
Հանդիպման հիմնական առանցքը եղած է Հայաստանի եւ Յունաստանի կառավարութիւններուն միջեւ 2016-2020ին կրթութեան եւ հետազօտութիւններու բնագաւառին մէջ համագործակցութեան մասին ծրագիրը, որուն վերաբերեալ փաստաթուղթը ստորագրուած է այս տարուան Մարտին, Յունաստանի մէջ:
Համաձայն ծրագիրին՝ կրթական միացեալ ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով կը նախատեսուի աշխուժացնել բարձրագոյն եւ հետազօտական հաստատութիւններուն միջեւ հետագայ համագործակցութիւնը, իրականացնել կրթաթոշակներու փոխանակում:
Հայաստանի մէջ յունարէնի եւ մշակոյթի, իսկ Յունաստանի մէջ հայոց լեզուի եւ մշակոյթի տարածման ու զարգացման նպատակով կը նախատեսուի համալսարաններուն մէջ հիմնադրել համապատասխանաբար յունագիտական եւ հայագիտական կեդրոններ: Կողմերուն հաստատումով՝ ծրագիրի իրականացումը նոր թափ պիտի հաղորդէ կրթութեան ոլորտին մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան ամրապնդման եւ զարգացմանը: Միաժամանակ, պատրաստակամութիւն յայտնուած է ձեռնարկելու անհրաժեշտ քայլեր՝ Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ նշուած փաստաթուղթի վաւերացումը շուտով ապահովելու համար: