Հայաստանի Ազգային ժողովի 20 Հոկտեմբերի արտակարգ նիստին քննարկուեցաւ Հայաստանի կառավարութեան նոր ծրագիրը, որով նախատեսուած է ընդլայնել կամաւորաբար ծառայող կիներու զինուորական ծառայութեան անցնելու կարելիութիւնը: Ծրագիրին համաձայն՝ կառավարութիւնը պաշտպանութեան ոլորտին մէջ կը
նախատեսէ ռազմական սպառնալիքներու չէզոքացման նպատակով բաւարար ռազմական կարողութիւններու ստեղծման եւ տարածաշրջանին մէջ ռազմական հաւասարակշռութեան պահպանման վերաբերող աշխատանքեր:
Կը ծրագրուի զինուած ուժերու ազգային կարողութիւններու եւ դաշնակցային ու գործընկերային յարաբերութիւններու զարգացում, զինուած ուժերու քաղաքացիական եւ ժողովրդավարական վերահսկողութիւն եւ հանրային հաշուետուողականութեան ապահովում, ռազմական ոլորտի գնումներու գործընթացի վերահսկողութեան աշխատակարգներու կատարելագործման միջոցով առկայ ներուժի կառավարման արդիւնաւէտութիւն եւ թափանցիկութեան բարձրացում: Կառավարութիւնը կը նախատեսէ բարձրակարգ բժշկական օգնութեան կազմակերպման բարելաւում եւ ընկերային պատշաճ երաշխիքներու ապահովում զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն, զինուորական հաշմանդամներուն, զոհուած/մահացած, ինչպէս նաեւ անյայտ կորսուածներու ընտանիքներու անդամներուն համար:
Պաշտպանութեան ոլորտի բարեփոխումներու եւ ծրագիրներու կարգին կառավարութիւնը ընդգրկած է նաեւ զօրակոչային համակարգին մէջ, արդարութեան սկզբունքի ամրապնդմամբ, Հայաստանի պաշտպանութեան իւրաքանչիւր զինապարտ քաղաքացիի մասնակցութեան ապահովումը՝ զինուորական ծառայութիւնը դիտելով որպէս կրթութեան եւ դաստիարակութեան, օրինապաշտ քաղաքացիի ձեւաւորման կարեւորագոյն գործընթաց: