Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Դուին. Հայաստանի մայրաքաղաքը Եւրոպայի եւ Ասիայի միջեւ» խորագրով ցուցահանդէսի բացում

«ՀԱՅ ԵՒ ԻՏԱԼԱՑԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒՆ ՄԵՐՁԵՑՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԽՈՉԸՆԴՈՏՆԵՐ ՉԿԱՆ»
Կ՛ԸՍԷ ԻՏԱԼԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀ ՃՈՐՃԻՕ ՆԱՓՈԼԻԹԱՆՕ

Աշխատանքային պաշտօնական այցե- լութեամբ Իտալիա գտնուեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան: Ան հանդիպում ունեցաւ Իտալիոյ նախագահ Ճորճիօ Նափոլիթանոյի հետ:
Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ մինչեւ հիմա մեծ սիրով կը յիշէ Իտալիոյ միաւորման 150-ամեակին առիթով իր այցելութիւնը Իտալիա եւ մասնակցութիւնը տօնական հանդիսութիւններուն:

Նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատեց, որ հայ գրատպութեան 500-ամեակի սկիզբը՝ Վենետիկի ցուցահանդէսը, տեղի կ՛ունենայ նախագահ Նափոլիթանոյի բարձր հովանաւորութեամբ:
Այս առնչութեամբ Իտալիոյ նախագահը ըսաւ, որ Վենետիկը հայերուն համար մեծ դերակատարութիւն ունեցած է՝ յատկապէս կրթութեան, մշակոյթի զարգացման առումով կարեւոր յենակէտ դառնալով: Ըստ Նափոլիթանոյի, երկու ժողովուրդներուն մերձեցման համար խոչընդոտներ գոյութիւն չունին:
Երկու նախագահները համոզում յայտնեցին, որ Հայաստանի նախագահին այցելութիւնը լաւ կարելիութիւն է բարձր մակարդակով  քննարկելու հայ-իտալական յարաբերութիւնները, ուրուագծելու համագործակցութեան նոր եւ հեռանկարային մարզեր: Հայաստանի եւ Իտալիոյ նախագահները այդպիսի մարզեր նկատած են ուժանիւթը, մասնաւորապէս՝ այլընտրանքային, նաեւ հիւլէական ուժանիւթը: Նախագահ Սարգսեան իտալական ընկերութիւնները եւս հրաւիրած է մասնակցելու Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն, ներառեալ‘ նոր հիւլէական կայանի կառուցման‘ նկատի ունենալով այս մարզին մէջ Իտալիոյ փորձը:
Նախագահներ Սարգսեան եւ Նափոլիթանօ անդրադարձան նաեւ Հայաստան - Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան, շրջանային խնդիրներուն, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին:


ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՀՌՈՄԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ ԵՒ ԽԱՉՔԱՐԻ ԶԵՏԵՂՈՒՄ

ՀՀ նախագահը հանդիպում ունեցաւ Հռոմի քաղաքապետ Ճանի Ալեմանոյի հետ: Նախագահի խօսքերով հռոմէական ֆորումի պատին վրայ գտնուող չորս հնագոյն քարտէսներէն անգամ ակնյայտ է, որ ժամանակին Հռոմէական կայսրութիւնն ու Հայաստանը դրացի երկիրներ եղած են:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ուրախութեամբ նշեց, որ այսօր Հռոմի կեդրոնէն ներս տեղի կÿունենայ 13-րդ դարու հայկական խաչքարի ցուցադրութեան բացման արարողութիւնը: Որպէս հայ ժողովուրդի մշակութային խորհրդանիշներէն մէկը, ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի կողմէ «Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան» ցանկին մէջ ընդգրկուած հայկական խաչքարը, ՀՀ նախագահի խօսքով, «Յաւերժական քաղաքին մէջ» կը խորհրդանշէ հայ-իտալական բարեկամութեան յարատեւութիւնը: Այն նաեւ մեծ հնարաւորութիւն է Հռոմի բնակիչներու եւ  քաղաքի հիւրերու  համար՝ ծանօթանա- լու եւ  հաղորդակից ըլլալու  հայկական մշակոյթին:
Նախագահ Սարգսեան  յոյս յայտնեց, որ համագործակցութիւնը Հռոմի հետ տարիէ տարի կը զարգանայ, եւ  հայ-իտալական յարաբերութիւններու առաւել սերտացման գործին մէջ  քաղաքապետ Ճանի Ալեմանոյի ներդրումը  աւելի զգալի կը դառնայ: Հանրապետութեան ղե- կավարը Հռոմի քաղաքապետի հետ հանդիպումը պատեհ առիթ համարեց շնորհակալութիւն յայտնելու ս.թ. Նոյեմբեր  8-ին  «Մետաքսի ճանապարհներ» նախագծի շրջանակներու ծիրէն ներս  բացուած «Դուին. Հայաստանի մայրաքաղաքը Եւրոպայի եւ Ասիայի միջեւ» խորագրով ցուցահանդէսի կազմակերպման՝  Հռոմի քաղաքապետարանի ցուցաբերած աջակցութեան համար:
Հանդիպումէն  յետոյ Հռոմի եւ  Երեւանի քաղաքապետները  նախագահ Սերժ Սարգսեանի ներկայութեամբ Հռոմի կեդրոնէն ներս՝ Պրասկի  թանգարանի դիմաց,  բացել  են  հայկական  խաչքարը:


ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ  ԵՒ  ԻՏԱԼԻՈՅ  ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ  ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ  ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի նախագահին ուղեկցող պատուիրակութեան կազմին մէջ Հռոմ գտնուող արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ Իտալիոյ իր պաշտօնակից Ճուլիօ Թերցիի հետ:

Նախարար Նալբանդեան իր ուրախութիւնը յայտնեց Թերցիի հետ Հռոմի մէջ հանդիպում ունենալուն համար եւ անձամբ շնորհաւորելու զայն արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ միացեալ ջանքերով կարելի պիտի ըլլայ աւելի խորացնել երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութիւնը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը հաղորդեց, որ հանդիպման մասնակիցները անդրադարձան հայ-իտալական քաղաքական, առեւտրական-տնտեսական եւ   մշակութային յարաբերութիւններու զարգացման եւ իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման առնչուող   տարբեր հարցերու:
Մշակութային փոխանակումներու տեսանկիւնէն Էդուարդ Նալբանդեան կարեւոր նկատեց Հռոմի մէջ «Դուին. Հայաստանի մայրաքաղաքը Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ» եւ Վենետիկի մէջ «Հայաստան. Քաղաքակրթութեան դրոշմներ» ցուցահանդէսներու կայացումը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ կառավարութեան աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ մշակութային արժէքներու վերականգնողական կեդրոնի հիմնադրման համար:
Քննարկուեցան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան տարբեր ուղղութիւնները, Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան եւ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրի ծիրին մէջ իրականացուող նախագիծերը, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ շրջանային խնդիրներ:


ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԻՏԱԼԻՈՅ ԳՈՐԾԱՐԱՐ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Հայաստանի նախագահը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Իտալիոյ գործարար համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Աշխատանքային ընթրիքի մը ընթացքին, ան խօսք ուղղելով ըսաւ թէ հայ-իտալական առեւտրաշրջանառութեան ընդհանուր ծաւալը 2011ի ինն ամիսներու տուեալներուն համաձայն՝ աճած է 50% տոկոսով, բայց բնականաբար բացարձակ թիւը չափազանց փոքր է եւ մեզ չի գոհացներ: Իտալական ներդրումները առկայ են մասնաւորապէս Հայաստանի շինարարութեան, հիւրանոցային եւ թեթեւ արդիւնաբերութեան մարզերէն ներս: