­altԶո­ւի­ցե­րա­կան «­Զիւ­րիխ» ե­րի­տա­սար­դա­կան խում­բը գլխա­ւո­րող Ար­թուր ­Պետ­րո­սեան կը նշա­նա­կո­ւի ֆութ­պո­լի ­Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի գլխա­ւոր մար­զիչ,- կը յայտ­նէ ­Հա­յաս­տան ­Ֆութ­պո­լի ­Ֆե­տե­րա­սիո­նի (Հ.Ֆ.Ֆ.) կայ­քը:

 

 

­Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նի յայտ­նի ֆութ­պո­լիս­տը ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի գլխա­ւոր մար­զի­չի պաշ­տօ­նը պի­տի զբա­ղեց­նէ ­Նո­յեմ­բե­րի 1էն եւ պայ­մա­նա­գիր պի­տի կնքէ Հ.Ֆ.Ֆ.ի հետ:

44ա­մեայ Ար­թուր ­Պետ­րո­սեան ­Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նի մարզ­չա­կան շտա­պին մէջ աշ­խա­տած է Եւ­րօ-2016ի ընտ­րա­կան փու­լին, երբ ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը կը գլխա­ւո­րէր զո­ւի­ցե­րիա­ցի ­Պեռ­նար ­Շա­լանտ:

­Ֆութ­պո­լա­յին աս­պա­րէ­զի տա­րի­նե­րուն, ան 1992-2005 թո­ւա­կան­նե­րուն ­Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նին մէջ խաղ­ցած է 70 խաղ եւ ու­նե­ցած է 11 կոլ: ­Պետ­րո­սեա­նը մար­զի­չա­յին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը սկսած է 2006 թո­ւա­կա­նին: