alt20 ­Հոկ­տեմ­բե­րին, բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ «Լ­րագ­րող­նե­րու 8րդ ­հա­մա­հայ­կա­կան հա­մա­ժո­ղով»ին, որ կը կրէ «­Հա­յոց պե­տա­կա­նու­թիւ­նը՝ միաս­նու­թեան ա­ռանցք» խո­րա­գի­րը եւ նո­ւի­րո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի ու ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու ան­կա­խու­թեան 25ա­

մեա­կին: ­Քա­ռօ­րեայ հա­մա­ժո­ղո­վը իր աշ­խա­տանք­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կէ մին­չեւ 24 ­Հոկ­տեմ­բեր՝ Ե­րե­ւա­նի եւ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ:

­Հա­մա­ժո­ղո­վին պի­տի մաս­նակ­ցին 140 լրագ­րող­ներ՝ աշ­խար­հի 31 եր­կիր­նե­րէ: ­Յու­նաս­տա­նէն՝ ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեան կը մաս­նակ­ցի հա­մա­ժո­ղո­վին, ներ­կա­յաց­նե­լով «Ա­զատ Օր»ը։
­Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեան, կար­դա­ցո­ւե­ցան նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի ու­ղերձն ու Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Գա­րե­գին Բ. ­Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեան խօս­քը:

Այս ծի­րին մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան նաեւ հան­դի­պում­ներ ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի, վար­չա­պետ ­Կա­րէն ­Կա­րա­պե­տեա­նի, Ար­ցա­խի նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նի, վար­չա­պետ Ա­րա ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու հետ: Լ­րագ­րող­նե­րը նաեւ պի­տի այ­ցե­լեն սահ­մա­նա­գիծ, պի­տի տես­նեն զի­նո­ւոր­նե­րու ա­ռօ­րեան եւ գետ­նի վրայ տի­րող կա­ցու­թիւ­նը:
­Նիս­տե­րը կը հե­ռար­ձա­կո­ւին «­Նո­յեան ­Տա­պան»ի ու «Ազ­դակ»ի կայ­քե­րուն վրայ։