­altԲեր­ձո­րէն (Լաչին) 45 քմ. հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ գտնո­ւող ­Հե­րիկ գիւ­ղի ա­շա­կերտ­նե­րը ար­դէն նո­րա­կա­ռոյց դպրոց կը յա­ճա­խեն:
«­Հայ­րե­նա­սէր» կազ­մա­կեր­պու­թեան ջան­քե­րով կա­ռու­ցո­ւած դպրո­ցը նպաս­տած է գիւ­ղին մէջ նոր ըն­տա­նիք­նե­րու վե­րաբ­նա­կեց­ման ո­

րո­շում տա­լուն: «Ար­մէնփ­րես» ներ­կա­յա­ցու­ցած է ար­ցա­խաբ­նակ ­Թա­մա­րա Գ­րի­գո­րեա­նի յօ­դո­ւա­ծը` գիւ­ղի ան­ցու­դար­ձին մա­սին:

­Գիւ­ղին մա­սին

­Հե­րիկ գիւ­ղը ­Մո­շա­թաղ եւ ­Բեր­դիկ գիւ­ղե­րուն հետ կը մտնէ ­Մո­շա­թաղծ հա­մայն­քին մէջ: ­Հե­րի­կը կը գտնո­ւի ­Քա­շա­թա­ղի շրջա­նա­յին կեդ­րոն ­Բեր­ձո­րէն 45 քմ. հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ, դէ­պի հիւ­սիս-ա­րե­ւելք: ­Գիւ­ղը ա­զա­տագ­րո­ւած է Ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին, 1991-92 թո­ւա­կան­նե­րուն: Այդ տա­րի­նե­րուն գիւ­ղը ու­նե­ցած է 30 տնտե­սու­թիւն: ­Վե­րաբ­նա­կո­ւե­լէն ետք, տա­կա­ւին քա­նի մը տա­րի գիւ­ղը ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւն չէ ու­նե­ցած, ­Հե­րիկ գիւ­ղի փոք­րիկ­նե­րը դպրոց չեն ու­նե­ցած:

Ան­գամ մը պար­պո­ւած եւ վերս­տին բնա­կե­ցո­ւած ­Հե­րի­կը

Ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան, դպրո­ցի բա­ցա­կա­յու­թեան պատ­ճա­ռով՝ ­Հե­րի­կը 1999-2000 թո­ւա­կան­նե­րուն սկսած է պար­պո­ւիլ: ­Կը թո­ւէր, որ գիւ­ղին կոր­ծա­նու­մը ան­խու­սա­փե­լի է: ­Սա­կայն գիւ­ղին վի­ճա­կո­ւած էր ապ­րիլ եւ վե­րած­նիլ: ­Գիւ­ղին մէջ միայ­նակ մնա­ցած ­Բա­կունց եղ­բայր­նե­րուն եր­կու ըն­տա­նիք­նե­րը պահ­պա­նած եւ հսկած են ամ­բողջ գիւ­ղին, չեն թոյ­լատ­րած, որ տու­նե­րը քան­դո­ւին: Եւ այդ տու­նե­րը պէտք էր օր մը ծա­ռա­յէին նոր վե­րաբ­նա­կիչ­նե­րուն:
2009-2010 թո­ւա­կան­նե­րուն ­Քա­շա­թա­ղի շրջա­նա­յին վար­չա­կազ­մի ղե­կա­վա­րու­թեան յա­տուկ ո­րո­շու­մով՝ ­Հե­րիկ սկսած է կրկին վե­րաբ­նա­կե­ցո­ւիլ: ­Հոս տե­ղա­փո­խո­ւած են քա­նի մը ըն­տա­նիք­ներ, գիւ­ղը ա­պա­հո­վո­ւած է ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեամբ:

«­Հայ­րե­նա­սէր»ի կող­մէ կա­ռու­ցո­ւած դպրո­ցը`
գիւ­ղի զար­գաց­ման գրա­ւա­կան

Ո­րոշ տար­րա­կան պայ­ման­նե­րով ա­պա­հո­վո­ւե­լէ ետք, սա­կայն, գիւ­ղին մէջ ա­ռաջ­նա­հերթ կը մնար դպրո­ցի հար­ցը: ­Հե­րիկ գիւ­ղի փոք­րիկ­նե­րը ի­րենց դա­սե­րուն կը հե­տե­ւէին կի­սա­խար­խուլ եւ խո­նաւ տան մը մէջ: Ծ­նող­նե­րը ա­մէն օր կը մտա­ծէին ի­րենց զա­ւակ­նե­րը օր ա­ռաջ այդ դպրո­ցէն, հե­տե­ւա­բար նաեւ` գիւ­ղէն հե­ռաց­նե­լու մա­սին: ­Շատ ըն­տա­նիք­ներ կը խու­սա­փէին վե­րաբ­նա­կիլ ­Հե­րի­կի մէջ` հա­շո­ւի առ­նե­լով յատ­կա­պէս դպրո­ցին անմ­խի­թար վի­ճա­կը:
­Հա­մայն­քա­պետ ­Սի­րակ ­Սո­ղո­մո­նեա­նի խօս­քով՝ շա­տե­րը թե­րա­հա­ւա­տօ­րէն կը նա­յէին այն շէն­քի ա­ւե­րա­կին, որ կը նա­խա­տե­սո­ւէր վե­րա­կա­ռու­ցել իբ­րեւ նոր եւ ժա­մա­նա­կա­կից դպրոց: ­Շա­տե­րը չէին հա­ւա­տար ծրա­գի­րի գոր­ծադ­րու­թեան կա­րե­լի ըլ­լա­լուն: ­Սա­կայն այդ ծրա­գի­րին հա­ւա­տա­ցին «­Հայ­րե­նա­սէր» կազ­մա­կեր­պու­թիւնն ու վեր­ջի­նիս նո­ւի­րա­տու­նե­րը: ­Քա­նի մը ամ­սո­ւան ըն­թաց­քին կա­րե­լի ե­ղաւ ա­ւե­րա­կը վե­րա­ծել յար­մա­րա­ւէտ ու մա­քուր դպրո­ցի: Այ­սօր ար­դէն նոր ըն­տա­նիք­ներ կու գան գիւղ` հա­շո­ւի առ­նե­լով դպրո­ցին ներ­կայ վի­ճա­կը: «1 ­Սեպ­տեմ­բե­րին ըն­տա­նիք մը հաս­տա­տո­ւե­ցաւ մեր գիւ­ղը` հա­շո­ւի առ­նե­լով այն, որ մեր գիւ­ղին մէջ ար­դէն ժա­մա­նա­կա­կից ու բա­րե­կարգ դպրոց կայ»,- տե­ղե­կա­ցուց ­Սի­րակ ­Սո­ղո­մո­նեան:
­Հե­րի­կի մէջ կա­ռու­ցո­ւած դպրո­ցը այ­սօր դար­ձած է գիւ­ղին գո­յու­թեան, զար­գաց­ման եւ կա­յաց­ման գրա­ւա­կա­նը:

­Հե­րի­կը` այ­սօր

­Հե­րի­կի մէջ այ­սօր 12 տնտե­սու­թիւն կայ: ­Գիւ­ղը այ­սօր լիա­յոյս է ա­պա­գա­յին նկատ­մամբ: Ծ­նող­նե­րը, տես­նե­լով ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն հա­մար կա­ռու­ցո­ւած դպրո­ցը, այ­լեւս չեն մտա­ծեր զայն ո­րե­ւէ տեղ տե­ղա­փո­խե­լու մա­սին: ­Զա­ւակն ալ այ­սօր մեծ ու­րա­խու­թեամբ կ­՛եր­թայ մա­քուր եւ բա­րե­կարգ, տա­կա­ւին նա­խորդ տա­րի միայն ե­րա­զանք թո­ւա­ցող դպրո­ցը:
­Գիւ­ղին բնա­կիչ­նե­րը, են­թա­կա­ռոյց­նե­րու առ­կա­յու­թեան պա­րա­գա­յին, պատ­րաստ են ապ­րե­լու եւ աշ­խա­տե­լու ­Հե­րի­կի մէջ: ­Գիւ­ղին դիր­քը կ­՛ար­տօ­նէ մեծ ծա­ւա­լով ցո­րեն, գա­րի մշա­կե­լու, ին­չով որ յատ­կա­պէս գիւ­ղա­ցի­նե­րը կը զբա­ղին:
Այ­սօր նաեւ բա­րե­կար­գո­ւած են գիւ­ղին ճամ­բա­նե­րը: ­Հա­մայն­քա­պե­տը կ­՛ը­սէ, որ ճամ­բա­նե­րու բա­րե­կարգ­ման ըն­թաց­քին յայտ­նա­բե­րո­ւած են քա­նի մը խաչ­քա­րեր, ո­րոնք տե­ղա­փո­խո­ւած են գիւ­ղին մէջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող միջ­նա­դա­րեան ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կը: ­Հե­րի­կը ա­զա­տագ­րո­ւած է հայ ա­զա­տա­մար­տի­կի կեան­քի գնով, հայ­րե­նի­քի այս հո­ղակ­տո­րը սրբա­գոր­ծո­ւած է հայ զի­նո­ւո­րին ա­րիւ­նով: ­Հե­րիկ­ցի­նե­րը ա­սի­կա շատ լաւ կը գի­տակ­ցին: ­Ճիշդ այդ պատ­ճա­ռով ալ Ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մի ա­ռա­ջին օ­րե­րուն ա­նոնք ա­ռա­ջին­նե­րէն էին, որ մոռ­նա­լով տուն ու աշ­խա­տանք` կա­մա­ւոր շտա­պե­ցին սահ­ման: «Վս­տա­հա­բար ա­ռա­ջին մեկ­նող­նե­րէն էինք, միայն ­Հե­րի­կէն 6-7, իսկ մեր ամ­բողջ հա­մայն­քէն մօտ 45 հո­գի մեկ­նե­ցանք ա­ռա­ջին գիծ եւ աշ­խու­ժօ­րէն մաս­նակ­ցե­ցանք հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան: ­Մեկ­նե­ցանք, քա­նի որ մենք շատ լաւ կը հասկ­նանք, թէ ին­չո՛ւ այս­տեղ կ­՛ապ­րինք»,- հպար­տօ­րէն կ­՛ը­սէ հա­մայն­քա­պետ ­Սի­րակ ­Սո­ղո­մո­նեան:
Ա­նոր ձայ­նին մէջ վստա­հու­թիւն եւ ու­րա­խու­թիւն կը զգա­ցո­ւէր. հա­մայն­քա­պե­տը իս­կա­պէս ու­րախ է կա­ռու­ցո­ւած դպրո­ցին հա­մար, ու­րախ է, որ ­Հե­րիկ գիւ­ղը այ­սու­հե­տեւ պի­տի ապ­րի լիար­ժէք կեան­քով, ու­րախ է, որ իր հա­մայն­քէն ոչ թէ մար­դիկ պի­տի հե­ռա­նան ու հե­ռաց­նեն ի­րենց զա­ւակ­նե­րը, այլ պի­տի ձգտին ի­րենց զա­ւակ­նե­րը բե­րե­լու այս­տեղ` մա­քուր եւ յար­մա­րա­ւէտ դպրոց յա­ճա­խե­լու:
­Հե­րի­կը ար­ժա­նի է լա­ւա­գոյն ա­պա­գա­յի եւ պի­տի ու­նե­նայ զայն: