«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան խորհուրդը վաւերացուցած է, ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան ծիրին մէջ, 2016ի առաջնահերթութիւններու մասին զեկոյցը։
Զեկոյցը որդեգրուած է իբրեւ Յունիս 2016ին Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի ներկայացուցած «Եւրոպական Միութեան համաշխարհային ռազմավարութիւնը» զեկոյցը շարունակող եւ մանրամասնող փաստաթուղթ:
Փաստաթուղթին մէջ այլ հարցերու կողքին անդրադարձ կը կատարուի Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու օրակարգին, ինչպէս նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման:
«Հայաստանի հետ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններուն մէջ շեշտը պիտի դրուի բանակցութիւններուն վրայ ի խնդիր նոր շրջանակային համաձայնագիրին, որ նոր ազդակ պիտի հաղորդէ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման: Աւելի՛ն, նոր Գործընկերութեան առաջնահերթութիւնները, որոնց շուրջ համաձայնութիւն պիտի գոյանայ, պիտի փոխարինեն Եւրոպական Դրացնութեան քաղաքականութեան գործողութիւններու ծրագիրը, որ այլեւս ժամանակավրէպ է:
Անցեալ տարուան սահմանադրական հանրաքուէէն ետք կարեւոր է, որ Հայաստան կեանքի կոչէ նոր ընտրական օրէնսգիրքը, ինչպէս նաեւ՝ Ե.Ա.Հ.Կ.ի եւ Եւրոպական Խորհուրդի առաջարկները, նախքան յաջորդ` 2017ի խորհրդարանական ընտրութիւնները:
Իբրեւ հիմնական նուիրատու Եւրոպական Միութիւնը իր ներդրումը պիտի ունենայ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ՝ նիւթական բեռին մեծ մասը ծածկելով»,- նշուած է զեկոյցին մէջ: Նոյն ատեն կը շեշտուի, որ Եւրոպական Միութիւնը այլեւս չի ձգտիր Հայաստանի հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիր կնքելու:
Առեւտրական յարաբերութիւններու առնչութեամբ` Հայաստանը կը նշուի շարքին այն 14 երկիրներուն, որոնց նկատմամբ Եւրոպական Միութիւնը կը կիրարկէ «Ճի.Էս.Փի.+» առեւտրական դրութիւնը: Եւրոպական Միութեան այս հարցին շուրջ կատարած կանոնաւոր հսկողութիւնն ու երկխօսութիւնը կը վկայեն, որ նշուած մարզին մէջ յառաջընթաց արձանագրուած է:
Զեկոյցի Ատրպէյճանին առնչուող մասին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին: «Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինսքի Խմբակի միջնորդական ջանքերուն` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային ճամբով լուծման»,- կ՛ըսուի զեկոյցին մէջ: