Հոկտեմբեր 14ին Հ.Հ. սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հ.Հ.ի մօտ Յունաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Նաֆսիքա Նենսին: Ողջունելով հիւրը՝ նախարարը նորանշանակ դեսպանին ներկայացուց գերատեսչութեան պետական քաղա
քականութիւնը եւ այդ քաղաքականութեան իրականացման նպաստող ծրագիրները, ինչպէս նաեւ՝ նախարարութեան առաջնային խնդիրներն ու ընելիքները:
Անդրադարձ կատարուեցաւ յառաջիկային նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուող լրագրողներու համահայկական համաժողովին: Քննարկուեցան սփիւռքի մէջ ազգային ինքնութեան արթնացման, ներուժի յայտնաբերման, հայապահպանութեան ուղղուած ձեռնարկները, երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան ծրագիրները: Նորանշանակ դեսպան Նաֆսիքա Նենսին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ հանգամանալից զրոյցի համար եւ նշեց, որ Յունաստանի հայերը շատ մեծ ներդրում ունին երկրի մշակոյթին եւ կրթութեան բնագաւառներուն մէջ: