alt«Ե­րե­ւան Էքս­պօ» ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու հա­մա­լի­րին մէջ, 13 ­Հոկ­տեմ­բե­րին, կա­յա­ցած է սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու եւ պաշտ­պա­նա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեան «ArmHiTec–2016» ա­ռա­ջին մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն մաս­նակ­ցած

են ­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Վի­գէն ­Սարգ­սեան, Հ.Ա.Պ.Կ. ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար ­Նի­քո­լայ ­Պոր­տիւ­ժա, ­Ռու­սիոյ ռազ­մար­դիւ­նա­բե­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի անձ­նա­կազ­մի փոխ-նա­խա­գահ Օ­լեկ ­Պոչ­քա­րէով, բարձ­րաս­տի­ճան հիւ­րեր, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ հա­ւա­տար­մագրուած օ­տար դես­պա­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:

­Ցու­ցա­հան­դէ­սին նպա­տակն է ներ­կա­յաց­նել ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ այլ եր­կիր­նե­րու նո­րա­գոյն ռազ­մա­կան սար­քա­ւո­րում­նե­րը, ռազ­մար­դիւ­նա­բե­րու­թեան նո­րա­րա­րա­կան մշա­կում­նե­րը:
­Ցու­ցա­հան­դէ­սին մեկ­նար­կը տրո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի զի­նո­ւած ու­ժե­րու պա­տո­ւոյ պա­հա­կա­յին վաշ­տի եւ յա­տուկ նշա­նա­կու­թեան ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րու ցու­ցադ­րա­կան ե­լոյթ­նե­րով:

­Խօսք ա­ռած է պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Վի­գէն ­Սարգ­սեան՝ դի­տել տա­լով, որ «ArmHiTec–2016» մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սը կը մի­տի խթա­նե­լու պաշտ­պա­նու­թեան ո­լոր­տին մէջ հայ­րե­նա­կան, գի­տա­թեք­նիք ար­դի ձեռք­բե­րում­նե­րու կի­րար­կումն ու ներդ­րում­նե­րը։ Ըստ ա­նոր՝ ներ­կա­յիս մի­ջազ­գա­յին շու­կա­յին մէջ ճա­նա­չում գտած ու մար­տա­կան կի­րառ­ման մէջ փոր­ձո­ւած սպա­ռա­զի­նու­թեան ու ռազ­մա­կան հա­մա­կար­գին կող­քին պաշտ­պա­նու­թեան ար­հես­տա­գի­տու­թեան ո­լոր­տին մէջ ա­ւե­լի գոր­ծօն են նո­րա­րա­րա­կան մշա­կում­նե­րը, ո­րոնք թոյլ կու տան փո­խե­լու մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու վար­ման ձե­ւե­րը, ա­ռա­ւել բարձ­րաց­նե­լու զի­նո­ւոր­նե­րուն անվ­տան­գու­թիւ­նը:

Ըստ այդմ՝ ցու­ցա­հան­դէ­սի ծի­րին մէջ հիմ­նա­կան շեշ­տը դրո­ւած է բարձր ար­հես­տա­գի­տա­կան լու­ծում­նե­րուն վրայ:
«­Հա­յաս­տանն ա­ւան­դա­բար ա­ռա­ջա­տար դիր­քեր է զբա­ղեց­րել է­լեկտ­րո­նի­կա­յի, օպ­տի­կա­յի, լա­զե­րա­յին տեխ­նի­կա­յի, կի­բեռ­նե­տի­կա­յի, ին­ֆոր­մա­տի­կա­յի եւ ռա­դիօ­ֆի­զի­կա­յի բնա­գա­ւառ­նե­րում:

Այ­սօր նոյն­պէս բարձր տեխ­նո­լո­գիա­նե­րի աս­պա­րէ­զում մենք ու­նենք բա­ւա­րար նե­րուժ՝ պաշտ­պա­նու­թեան ո­լոր­տում նո­րա­գոյն մշա­կում­նե­րը կի­րա­ռե­լու եւ ներդ­րու­մա­յին բա­րեն­պաստ մի­ջա­վայր ստեղ­ծե­լու հա­մար: ­Լիա­յոյս եմ, որ ցու­ցա­հան­դէ­սը կը նպաս­տի նաեւ մի­ջազ­գա­յին ռազ­մա­տեխ­նի­կա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան աշ­խար­հագ­րու­թեան ընդ­լայն­մա­նը եւ մի­ջո­ցառ­մա­նը մաս­նակ­ցող պե­տու­թիւն­նե­րի ռազ­մար­դիւ­նա­բե­րա­կան նե­րու­ժի զար­գաց­մա­նը:

­Հա­յաս­տա­նի ռազ­մար­դիւ­նա­բե­րու­թիւնն ու­նի հա­մա­պե­տա­կան մասշ­տա­բով նո­րա­րա­րու­թեան եւ բարձր տեխ­նո­լո­գիա­նե­րի ո­լոր­տում տնտե­սու­թեան կա­տա­լի­զա­տոր դառ­նա­լու բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը: Այս հա­մա­տեքս­տում բո­լոր տե­ղա­կան ար­տադ­րող­նե­րին, գի­տա­կան ո­լոր­տի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րին եւ ա­ռա­ջա­տար բու­հե­րի ու­սա­նող­նե­րին կոչ եմ ա­նում ջանք ու ե­ռանդ չխնա­յե­լու ազգ–­բա­նակ տի­րոյ­թում ի­րենց ներգ­րա­ւո­ւա­ծու­թեան շրջա­նակ­նե­րը ու­րո­ւագ­ծե­լու հա­մար»,- նշած է նա­խա­րար ­Վի­գէն ­Սարգ­սեան: