altԱն­յի­շե­լի ժա­մա­նակ­նե­րէ գի­նին ե­ղած է մարդ­կա­յին կեան­քի եւ մշա­կոյ­թի մէկ մա­սը: ­Հին ­Յու­նաս­տա­նի մէջ գի­նին գո­վեր­գած են պատ­միչ­նե­րը, բա­նաս­տեղծ­նե­րը եւ այ­լոք: ­Գի­նիի մա­սին ի­րենց աշ­խա­տու­թիւն­նե­րուն մէջ անդ­րա­դար­ձած են նաեւ Ե­զով­փո­սը եւ ­Հո­մե­րո­սը,- կը

գրէ vintagenews.comը:
­Գի­նիի յու­նա­կան աս­տո­ւած ­Դիո­նի­սո­սը ներ­կա­յա­ցու­ցած է ոչ միայն գի­նիի ո­գե­լից ու­ժը, այ­լեւ ա­նոր ա­ռող­ջա­րար ազ­դե­ցու­թիւ­նը:

­Գի­նին շատ ա­ւե­լի հին է, քան ա­նոր մա­սին գրա­ռո­ւած պատ­մու­թիւ­նը: ­Մար­դիկ հա­ւա­նա­բար սկսած են ա­ճեց­նել խա­ղո­ղը ցո­րեն ա­ճեց­նե­լէն քիչ անց` Ք­րիս­տո­սէն շուրջ 8000 տա­րի ա­ռաջ: ­Հին ժա­մա­նակ գի­նին նոյ­նիսկ հա­մա­րո­ւած է բնու­թեան կա­խար­դա­կան պար­գեւ: Աշ­խար­հի ա­մե­նա­հին հնձա­նը բա­ցա­յայ­տո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի լեռ­նե­րէն մէ­կուն մէջ գտնո­ւող քա­րայ­րի մը մէջ:

­Հե­տա­զօ­տող­նե­րու մի­ջազ­գա­յին խում­բը յայտ­նա­բե­րած է 6100 տա­րո­ւայ պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող կա­րաս, մամ­լիչ, բա­ժակ, եւ խմոր­ման հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած կա­րաս­ներ ­Հա­յաս­տա­նի Ա­րե­նի-1 կո­չո­ւող տա­րած­քի քա­րայր­նե­րէն մէ­կուն մէջ: Ա­րե­նի-1 քա­րան­ձա­ւա­յին հա­մա­լի­րը կը գտնո­ւի ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­Վա­յոց ­Ձո­րի մար­զի Ա­րե­նի գիւ­ղին մէջ: 7 ա­միս անց նոյն քա­րան­ձա­ւին մէջ յայտ­նա­բե­րո­ւե­ցաւ նաեւ աշ­խար­հի ա­մե­նա­հին կա­շիէ կօ­շի­կը` Ա­րե­նի-1 կօ­շի­կը: Ա­րե­նի գիւ­ղը յայտ­նի է գի­նիի ար­տադ­րու­թեամբ:

­Պե­ղում­նե­րու հա­մա­նա­խա­գահ, ­Քա­լի­ֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րա­նի ­Լոս Ան­ճը­լե­սի հնէա­բա­նու­թեան ­Քոթ­սեն հիմ­նար­կի նա­խա­գահ Գ­րե­գո­րի Ա­րե­շեա­նը կը կար­ծէ` այդ գի­նին կրնայ հա­մե­մա­տո­ւիլ ժա­մա­նա­կա­կից չզտո­ւած գի­նիին հետ եւ ու­նի այն նոյն հա­մը, ինչ որ ­Մեր­լո­թը: Ա­րե­շեա­նի խօս­քով` այս հնձա­նի յայտ­նա­բե­րու­մէն ա­ռաջ ա­մե­նա­հին հնձա­նը կը գտնո­ւէր Իս­րա­յէ­լի մէջ (Ք­.ա.1650թ): Հ­նա­գէտ­նե­րու խօս­քով` այն մար­դիկ, ո­րոնք թո­րած եւ խմած են այդ գի­նին, հա­ւա­նա­բար օգ­տա­գոր­ծած են զայն ա­րա­րո­ղա­կար­գա­յին նպա­տակ­նե­րով: