Ար­ցա­խի ­Տու­մի գիւ­ղին մէջ (­Հադ­րու­թի շրջան) հա­մայ­նա­կան կեդ­րո­նի մը կա­ռու­ցու­մը «­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մը կ’ի­րա­կա­նաց­նէ Ֆ­րան­սա­յի իր տե­ղա­կան մարմ­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ: Ծ­րա­գի­րը կը հա­մա­հո­վա­նա­ւո­րէ Լ.Ղ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը:

­Կա­րե­ւոր է հա­մայ­նա­կան կեդ­րոն­նե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ար­ցախ­ցի­նե­րու տե­ղա­կան կեան­քին մէջ։ ­Վեր­ջին ե­րեք տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, այլ ծրա­գիր­նե­րու զու­գա­հեռ, ֆրան­սա­հա­յե­րը հո­վա­նա­ւո­րած են մէկ տաս­նեա­կէ ա­ւե­լի կեդ­րոն­նե­րու կա­ռու­ցու­մը Ար­ցա­խի մէջ:

«Ֆ­րան­սա­հայ հա­մայն­քի կող­մից կենտ­րոն­նե­րի կա­ռուց­ման շա­րու­նա­կա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը վկա­յում է, որ դրանք օգ­նում են ա­ռա­ւել հա­մա­կար­գուած լու­ծում տա­լու բնա­կիչ­նե­րի ա­ռօ­րեայ խնդիր­նե­րին եւ դրա­կան լիցք հա­ղոր­դում հա­մայն­քի կեան­քին»,- կը նշէ «­Հա­յաս­տան» ­Հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ա­րա ­Վար­դա­նեան:

Երկ­յար­կա­նի կա­ռոյ­ցը մէկ յար­կի տակ կը կեդ­րո­նաց­նէ գիւ­ղա­պե­տա­րա­նը, բուժ­կէ­տը, գրա­դա­րա­նը, խա­ղաս­րահն ու հա­մա­կարգ­չա­յին սե­նեա­կը: 150 հան­դի­սա­տե­սի հա­մար կից կա­ռու­ցո­ւող դահ­լիճն ալ պի­տի ծա­ռա­յէ բնա­կիչ­նե­րու ա­մե­նա­տար­բեր ձեռ­նարկ­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման:

«­Վեր­ջա­պէս կը կա­րո­ղա­նանք հա­մայն­քի հա­ւաք­ներն անց­կաց­նել տե­ղում` ա­ռանց գիւ­ղից հե­ռա­նա­լու: Իսկ ար­դի պայ­ման­նե­րով բուժ­կէտ ու­նե­նա­լը կրկնա­կի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է մեզ հա­մար, քա­նի որ գիւ­ղը ­Հադ­րու­թից գտնւում է 31 քմ. հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ, եւ յա­ճախ անհ­րա­ժեշտ է լի­նում այս­տեղ ծնունդ­ներ ըն­դու­նել»,- կը նշէ գիւ­ղա­պետ Է­դիկ ­Մո­սի­յեան:

768 բնա­կիչ ու­նե­ցող ­Տու­միի մէջ ­Հիմ­նադ­րա­մը տա­րի­ներ ա­ռաջ նաեւ վե­րա­նո­րո­գած է ջրա­մա­տա­կա­րար­ման ցան­ցը, կա­հա­ւո­րած գիւ­ղի դպրոցն ու տրա­մադ­րած ման­կա­պար­տէ­զի գոյ­քի մէկ մա­սը: ­Տու­մին Ար­ցա­խի հնա­գոյն գիւ­ղե­րէն է: ­Հոս պահ­պա­նո­ւած են շարք մը պատ­մա­կան եւ մշա­կու­թա­յին կո­թող­ներ, յու­շար­ձան­նե­րու մա­սունք­ներ: