Հայաստան գիւղական զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու մեծ ներուժ ունի: Այս մասին «Արմենփրես»ին հետ զրոյցի ընթացքին նշած է «Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման եւ պահպանման» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սեդրակ Մամուլեան:
«Օրերս Տաւուշի մարզի Զօրական-Չարդախլու գիւղում անցկացուեց «1000 տարուայ գիւղամէջ» փառատօնը: Այն հիանալի օրինակ է ցոյց տալու, թէ մենք գիւղական տուրիզմը զարգացնելու ինչպիսի ներուժ ունենք: Ես շատ տպաւորուած եմ: Մենք ունենք բազմաթիւ գիւղեր, որոնք պահպանել են ու սերունդներին փոխանցել աւանդոյթները: Ահա այդ ամէնը պէտք է օգտագործել եւ ներկայացնել որպէս տուրիստական արտադրանք»,- ըսած է Սեդրակ Մամուլեան։
Ան նշած է, որ, ընդհանուր առմամբ, Հայաստանը զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու մեծ հնարաւորութիւններ ունի, երբ զբօսաշրջութեան ներուժի 10 տոկոսը չ՛օգտագործուիր: «Աշխարհը գնում է դէպի ագրօ տուրիզմ, դէպի գիւղական կեանք, կենցաղ: Զբօսաշրջիկին ոչ այդքան շէնք շինութիւն է հետաքրքրում. նա ձգտում է ուսումնասիրել կենցաղը, լինել կենցաղավարութեան մէջ: Իսկ մենք ունենք գիւղեր, որոնք աւանդոյթները պահպանել են եւ զբօսաշրջիկին գրաւելու հնարաւորութիւններ կան»,- աւելցուցած է Սեդրակ Մամուլեան:
Անոր խօսքով ի հարկէ, որոշ տեղեր ներդրումներու կարիք կայ, հիւրատուներու կառուցման, տուներու վերանորոգման անհրաժեշտութիւն կայ: Ինչ կը վերաբերի ենթակառուցուածքներուն, ապա Սեդրակ Մամուլեան նշած է, որ անոնք նոյնպէս բնական վիճակի մէջ են, սակայն զարգացնելու տեղ կայ: «Եթէ այս ամէնը զուգորդուի խոհանոցի հետ, ապա կը լինի հրաշալի տուրիստական արտադրանք:
Խոհանոցն առաջին զբօսաշրջային արդիւնքն է, մարդկանց հետաքրքրում է սնունդը, ուտեստները եւ, ի դէպ, խոհանոցից ստացուած տպաւորութիւնները մոռացւում են վեջինը: Վստահաբար կարող եմ ասել, որ այդ առումով մենք շատ աւելի մրցունակ ենք, քան մեր հարեւանները կամ այլ բազմաթիւ երկրներ»,- աւելցուցած է Սեդրակ Մամուլեան: