­altՀա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ, 10 ­Հոկ­տեմ­բե­րին, ­Նիւ Եոր­քի մէջ սկսած է ­Հա­յաս­տա­նի ներդ­րու­մա­յին հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րուն հիմ­նա­կան նպա­տա­կը օ­տար ներդ­րող­նե­րուն ­Հա­յաս­տա­նի ներդ­րու­մա­յին կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յաց­նելն է.

հա­մա­ժո­ղո­վը կազ­մա­կեր­պած է ­Հա­յաս­տա­նի ­Զար­գաց­ման ­Հիմ­նադ­րա­մը՝ ներդ­րում­նե­րու խթան­ման նպա­տա­կով:

Եր­կօ­րեայ հա­մա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցան տար­բեր մար­զե­րու յա­ռա­ջա­տար ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ մի­ջազ­գա­յին ֆի­նան­սա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, փոր­ձա­գէտ­ներ եւ շուրջ 100 մի­ջազ­գա­յին ներդ­րող­ներ:

­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան այս ա­ռի­թով ար­տա­սա­նած իր խօս­քին մէջ անդ­րա­դար­ձած է ­Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ տնտե­սա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն, քա­ռորդ դա­րեայ ան­կա­խու­թե­նէն ետք ­Հա­յաս­տա­նի ձեռք­բե­րում­նե­րուն, երկ­րի մրցակ­ցա­յին ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րուն ու ներդ­րու­մա­յին կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուն, ի­րա­կա­նա­ցո­ւող բա­րե­փո­խում­նե­րուն, բա­րեն­պաստ գոր­ծա­րար մի­ջա­վայ­րին, շրջա­նա­յին շու­կա­ներ ­Հա­յաս­տա­նի մի­ջո­ցով մուտ­քի դիւ­րաց­ման եւ մաք­րօ-տնտե­սա­կան կա­յուն մի­ջա­վայ­րին: ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը ներդ­րող­նե­րուն ա­ռա­ջար­կած է ­Հա­յաս­տա­նի կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը օգ­տա­գոր­ծել իբ­րեւ դար­պաս` դէ­պի շրջա­նի հիմ­նա­կան շու­կա­ներ:

Ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կած են Եւ­րա­սիա­կան Տն­տե­սա­կան ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վի խմբակ­ցու­թեան նա­խա­գահ ­Տիգ­րան ­Սարգ­սեան, Ա­սիա­կան ­Զար­գաց­ման Դ­րա­մա­տան փոխ-նա­խա­գահ ­Վեն­քա ­Ժանք, ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Դ­րա­մա­տան գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ֆ­րանք ­Հիմս­քերք, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տան ան­դամ Ֆ­րանք ­Փա­լոն: ­Հա­մա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րուն ներ­կա­յա­ցո­ւած է հա­մաշ­խար­հա­յին զար­գա­ցում­նե­րու ծի­րին մէջ ձե­ւա­ւո­րո­ւած, ­Հա­յաս­տա­նի կամր­ջող դե­րը Եւ­րո­պա­յի եւ Ա­սիոյ, Ա­րե­ւել­քի եւ Ա­րեւ­մուտ­քի մի­ջեւ, ինչ որ ար­տա­քին ներդ­րող­նե­րուն շա­հա­ւէտ այ­լընտ­րանք կ­՛ա­ռա­ջար­կէ՝ յատ­կա­պէս նկա­տի առ­նե­լով մի­ջազ­գա­յին տար­բեր կա­ռոյց­նե­րու ­Հա­յաս­տա­նի ան­դա­մակ­ցու­թեան եւ ա­զատ ա­ռեւ­տու­րի հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րու առ­կա­յու­թեան փաս­տը:

­Շեշ­տո­ւած է, որ ­Հա­յաս­տա­նը 180 մի­լիո­նի շու­կայ ու­նե­ցող Եւ­րա­սիա­կան Տն­տե­սա­կան ­Միու­թեան ան­դամ պե­տու­թիւն է, ա­զատ ա­ռեւ­տու­րի հա­մա­ձայ­նա­գիր ու­նի Ա.Պ.Հ. բո­լոր եր­կիր­նե­րուն հետ, որ ընդ­հա­նուր առ­մամբ ու­նի 230 մի­լիոն սպա­ռող: ­Հա­յաս­տա­նը, միա­ժա­մա­նակ, պի­տի օգ­տո­ւի Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ար­տօ­նու­թիւն­նե­րու հա­մալ­րո­ւած ընդ­հա­նուր հա­մա­կար­գէն (Ա.Ը.Հ.), որ ար­տօ­նու­թիւն կը տրա­մադ­րէ շուրջ 6400 ապ­րանք­նե­րու վե­րա­բե­րեալ: Եր­կի­րը Ա.Ը.Հ.ի դրու­թիւն ու­նի նաեւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու, ­Քա­նա­տա­յի, ­Ճա­փո­նի, ­Զո­ւի­ցե­րիոյ եւ ­Նոր­վե­կիոյ հետ, իսկ Ի­րա­նի հետ ա­ւան­դա­կան դար­ձած ա­ռեւտ­րա­կան ու տնտե­սա­կան կա­պե­րը այ­սօր օ­ղակ կը հան­դի­սա­նան այլ տնտե­սու­թիւն­նե­րու հա­մար դէ­պի ի­րա­նա­կան շու­կայ:

­Հա­մա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րուն ներ­կա­յա­ցո­ւած են նաեւ երկ­րի ըն­ձե­ռած մրցակ­ցա­յին ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րը` ռազ­մա­վա­րա­կան շու­կա­նե­րու մուտ­քի դիւ­րու­թիւ­նը, կրթո­ւած եւ ոչ-սուղ աշ­խա­տու­ժը, նպաս­տա­ւոր եւ ա­նընդ­հատ բա­րե­փո­խո­ւող ա­ռեւ­տու­րի մի­ջա­վայ­րը, ո­րոնք ­Հա­յաս­տա­նը հրա­պու­րիչ վայր կը դարձ­նեն ներդ­րում­նե­րու հա­մար ու կ­՛ըն­ձե­ռեն ար­տօ­նու­թիւն` օգ­տո­ւե­լու շրջա­նի այլ շու­կա­նե­րէն:

­Հա­մա­ժո­ղո­վի ծի­րին մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած 10 լիա­գու­մար նիս­տե­րու ըն­թաց­քին հա­ւա­նա­կան ներդ­րող­նե­րու ա­ռա­ջին ձեռ­քէն` ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն, տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը տրա­մադ­րո­ւին հան­քար­դիւ­նա­բե­րու­թեան, գիւ­ղատն­տե­սու­թեան, հե­ռա­հա­ղոր­դակ­ցու­թեան, եր­թե­ւե­կու­թեան, դե­ղա­գոր­ծու­թեան, զբօ­սաշր­ջու­թեան, ֆի­նան­սա­կան մար­զե­րուն մէջ ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջար­կած նո­րա­րա­րա­կան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուն մա­սին: Ըն­դար­ձակ զե­կու­ցում նա­խա­տե­սո­ւած է նաեւ ֆի­նան­սա­կան ու­սում­նա­րան­նե­րուն կող­մէ մաս­նա­ւոր ներդ­րում­նե­րու ա­ջակց­ման գոր­ծիք­նե­րու վե­րա­բե­րեալ:

­Շարք մը օ­տար ներդ­րող­ներ` «Ար­մե­նիա ­Մա­րիոթ Ե­րե­ւան», «­Քոն­թուր Կ­լո­պալ», «Ա­զատ ­Ֆար­մայ Էյ­ճի», «­Նե­շը­նըլ Ինսթ­րու­մենթս», «­Սի­նոփ­սիս», «­Զո­ւարթ­նոց» մի­ջազ­գա­յին օ­դա­կա­յան, «­Քո­քա ­Քո­լա ­Հել­լե­նիք Ար­մե­նիա» եւ այլ ըն­կե­րու­թիւն­ներ հա­մա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից գոր­ծա­րար­նե­րուն կը ներ­կա­յաց­նեն ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ներդ­րում­նե­րու ի­րենց յա­ջո­ղած փոր­ձը: