altՄ.Ա.Կ.ի կր­թու­թեան, գի­տու­թեան եւ մշա­կոյ­թի կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը (UNESCO) ­Դի­լի­ջա­նը ընդգր­կած է Ու­սում­նա­ռու Քա­ղաք­նե­րու Հա­մաշ­խար­հա­յին Ցան­ցին մէջ (GNLC),- կը հա­ղոր­դէ «­Մե­դիա­մաքս»: ­Դի­լի­ջա­ն կը միա­նայ ցանցին աշ­խար­հի այն­պի­սի քա­ղաք­նե­րու, ո­րոնք

կ’ա­ջակ­ցին ցկեանս ու­սում­նա­ռու­թեան աշ­խար­հի տար­բեր հա­մայնք­նե­րու մէջ` կրթա­կան քա­ղաք­նե­րու ա­ռա­ջըն­թա­ցին նպաս­տող կա­յուն կա­պե­րու եւ գոր­ծըն­կե­րու­թեան մի­ջո­ցով՝ խթա­նե­լով քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը եւ ան­դամ քա­ղաք­նե­րու մի­ջեւ փոր­ձի փո­խա­նա­կու­մը:

«­Դի­լի­ջա­նի բո­լոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րի հա­մար UNESCOի կող­մից նման ճա­նաչ­ման ար­ժա­նա­նա­լը մեծ պա­տիւ է, քա­նի որ ­Դի­լի­ջա­նը շա­րու­նա­կում է ա­ռա­ջար­կել նոր կրթա­կան ծրագ­րեր` մեր քա­ղա­քա­ցի­նե­րին 21րդ ­դա­րի կրթու­թեա­նը պատ­րաս­տե­լու հա­մար»,- ը­սած է ­Դի­լի­ջա­նի հա­մայն­քա­յին կեդ­րո­նի ծրագ­րի տնօ­րէն ­Ռու­բի­նա ­Տէր-­Մար­տի­րո­սեա­ն:

«­Դի­լի­ջա­նը հար­թակ է դար­ձել այն­պի­սի տե­ղա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին կենտ­րոն­նե­րի հա­մար, ինչ­պի­սին են UWC ­Դի­լի­ջան քո­լէճը, ­Կենտ­րո­նա­կան Բան­կի ու­սում­նա­հե­տա­զօ­տա­կան կենտ­րո­նը, ­Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նը, «­Թու­մօ» ստեղ­ծա­րար տեխ­նո­լո­գիա­նե­րի կենտ­րո­նը, ­Դի­լի­ջա­նի հա­մայն­քա­յին կենտ­րո­նը: Այս տա­րի քա­ղա­քում անց­կացուեց ­Դի­լի­ջա­նի ա­րո­ւեստ­նե­րի դի­տա­րա­նը»,- նշած է ­Դի­լի­ջա­նի քա­ղա­քա­պետ Ար­մէն ­Սանթրո­սեա­ն:

UNESCO Ց­կեանս ու­սում­նա­ռու­թեան հիմ­նար­կի տնօ­րէն Ար­նէ ­Քարլ­սը­ն իր նա­մա­կին մէջ նշած է ­Դի­լի­ջա­նի «կրթա­կան քա­ղա­քի տես­լա­կա­նի յա­ջող նա­խագծումն ու ի­րա­կա­նա­ցու­մը»` ցան­կու­թիւն յայտ­նե­լով տե­ղե­կա­նալ ­Դի­լի­ջա­նի մէջ հե­տա­գայ զար­գա­ցում­նե­րու մա­սին:

­Դի­լի­ջա­նի հա­մայն­քա­յին կեդ­րո­նին եւ այլ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին նա­խա­գի­ծնե­րուն ա­ջակ­ցող ­Դի­լի­ջա­նի զար­գաց­ման հիմ­նադ­րա­մի եւ UWC ­Դի­լի­ջան քո­լէճի հա­մա­հիմ­նա­դիր ­Վե­րո­նի­քա ­Զո­նա­պեն­դ ը­սած է.- «­Մեր հիմ­նադ­րա­մի նպա­տա­կը ­Դի­լի­ջա­նը իր փառ­քին վե­րա­դարձ­նելն ու տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ ժա­ման­ցա­յին կեդ­րոն դարձ­նե­լն է, եւ նման մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը կա­րե­ւոր քայլ է այդ նպա­տա­կին հաս­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ»:

­Դի­լի­ջա­նի զար­գաց­ման հիմ­նադ­րա­մի հա­մա­հիմ­նա­դիր, UWC ­Դի­լի­ջան քո­լէ­ճի հիմ­նա­դիր-գոր­ծըն­կեր ­Գա­գիկ Ա­դի­բե­կեան նշած է.- «­Մենք ապ­րում ենք բարդ եւ ա­րագ փո­փո­խո­ւող աշ­խար­հում, որ­տեղ երկ­րի մրցու­նա­կու­թիւնն ու տնտե­սա­կան ա­ճը մե­ծա­պէս կա­խո­ւած են կրթու­թեան ո­րա­կից: Վս­տահ եմ, որ ­Դի­լի­ջա­նի ներգ­րա­ւումն ու­սում­նա­ռու քա­ղաք­նե­րի հա­մաշ­խար­հա­յին ցան­ցում կը նպաս­տի կա­րե­ւո­րա­գոյն խնդրի` ­Դի­լի­ջա­նը ­Հա­յաս­տա­նի կրթա­կան կենտ­րոն դարձ­նե­լու լուծ­մա­նը»:

Այս ցան­ցին մէջ ­Դի­լի­ջա­ն ­կա­յուն զար­գաց­ման նպա­տակ­նե­րուն հաս­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն կը ստա­նայ` իր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն ցկեանս ու­սում­նա­ռու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն տա­լով եւ, այդ­պի­սով, բազ­մա­կողմ եւ հա­ւա­սար կրթու­թիւն ա­պա­հո­վե­լով: