Երեւանի մէջ բացուեցաւ Խորհրդային Միութեան ախոյեան եւ բաժակակիր «Արարատ-73» ոտնագնդակի խումբի արձանախումբը: Բացման հանդիսութեան մասնակցեցան Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, Հ.Ա.Օ.Կ. նախագահ Գագիկ Ծառուկեան, Հ.Հ. մարմ
նամարզութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան եւ «Արարատ-73» ոտնագնդակի խումբին անդամները:
Խումբի փառահեղ յաղթանակները յաւերժացնող արձանախումբի բացման պատիւը վերապահուած էր լեգենտար (առասպելատիպ) ֆուտբոլիստներուն, իսկ յաղթական բաժակի արձանի հանդիսաւոր բացումը կատարեցին Երեւանի քաղաքապետն ու Հ.Ա.Օ.Կ. նախագահը: «Հրազդան» մարզադաշտի հարեւանութեամբ բացուած «Արարատ-73» ոտնագնդակի խումբի արձանին հեղինակը Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Տիգրան Բարսեղեանն է, քանդակագործներու խումբին ղեկավարը՝ Արմէն Սամվէլեան: