Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը անդրադարձած է վերջին շրջանին շփման գիծին մէջ արձանագրուած բազմաթիւ խախտումներուն։
Նախարարութիւնը նշած է, որ՝ դատելով ղարաբաղեան–ատրպէյճանական հակամարտութեան զօրքերու շփման գիծին մէջ վերջին շրջանին տեղի ունեցող զարգացումներէն, կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, թէ հակառակորդը ընտրած է սահմանագիծին մէջ իրավիճակը աստիճանաբար եւ նպատակային կերպով սրելու մարտավարութիւն:
Ատոր փաստն են զինադադարի պահպանման դրութեան խախումներու թիւի յաւելումն ու օգտագործուող զինատեսակներու որակական յատկանիշները:
Յատկանշական է, որ Ապրիլեան քառօրեայ առճակատումը սանձազերծած ատրպէյճանական կողմը, որ վերահաս պարտութենէ խուսափելու նպատակով ստիպուած էր իր իսկ խնդրանքով եւ երրորդ կողմի միջնորդութեամբ մարտագիծին մէջ վերահաստատելու 1994ի Մայիսին եռակողմ համաձայնութեամբ ձեռք բերուած զինադադարը, կրկին անցած է սադրիչ գործողութիւններու՝ ո՛չ միայն հակամարտութեան զօրքերու շփման գիծին, այլ նաեւ քարոզչական դաշտին մէջ:
«Անցած օրերի ընթացքում հակառակորդը, կիրառելով տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքեր, այդ թւում՝ «ԴՇԿ» տիպի գնդացիր, «Սեւ նետ» եւ «Իստիգլալ» դիպուկահար զինատեսակներ ու ՀԱՆ-17 տիպի նռնականետ, այսօր տարածել է տեղեկութիւն առ այն, թէ իբր հայկական կողմն առաջնագծում կիրառել է 60 մմ.նոց ականանետներ:
«Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնն ամենայն պատասխանատուութեամբ յայտարարում է, որ ադրբեջանական կողմի տարածած ապատեղեկատուութիւնը ոչ այլ ինչ է, քան իրավիճակի ապակայունացմանն ուղղուած պարզամիտ քարոզչական հնարք»,- նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: