altԵ­րե­ւա­նը ­Հոկ­տեմ­բեր 8ին նշեց իր հիմ­նադ­րու­թեան 2798րդ ­տա­րե­դար­ձը: «Է­րե­բու­նի-Ե­րե­ւան 2798» տօ­նա­կա­տա­րու­թեան այս տա­րո­ւան կար­գա­խօսն էր՝«Ե­րե­ւան, ա­րե­ւի քա­ղաք»: Ք.ա. 9րդ ­դա­րուն հայ­կա­կան լեռ­նաշ­խար­հի ­Վա­նայ լի­ճի ա­ւա­զա­նին մէջ յա­ռա­ջա­ցաւ

­Վա­նի հայ­կա­կան (Ա­րա­րա­տեան) թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը, որ ժա­մա­նա­կի ա­մե­նա­զար­գա­ցած տէ­րու­թիւն­նե­րէն էր: Ար­գիշ­տի Ա­ռա­ջի­նի տի­րա­կա­լու­թեան 5րդ ­տա­րին կա­ռու­ցո­ւե­ցաւ նոր բեր­դա­քա­ղաք:

«­Խալդ աս­տու­ծոյ մե­ծու­թեամբ Ար­գիշ­տին՝ ­Մե­նո­ւա­յի որ­դին, այս ա­նա­ռիկ ամ­րո­ցը կա­ռու­ցեց եւ ա­նո­ւա­նեց Էրե­բու­նի քա­ղաք՝ ի հզօ­րու­թիւն ­Բիայ­նի­լի երկ­րի եւ ի սար­սափ թշնա­մի­նե­րու: Ար­գիշ­տին կ­’ը­սէ… ­Հողն ա­մա­յի էր, այս­տեղ ես մեծ գոր­ծեր կա­տա­րե­ցի: ­Խալդ աստուծոյ մե­ծու­թեամբ Ար­գիշ­տի՝ ­Մե­նո­ւա­յի որ­դի, ար­քայ հզօր, ար­քայ ­Բիայ­նի երկ­րի, տէ­րը ­Տուշ­պայ քա­ղա­քի»:

­Նոյն այս ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը հնա­րա­ւո­րու­թիւն տո­ւած է յստա­կեց­նե­լու Ե­րե­ւա­նի հիմ­նադր­ման տա­րե­թի­ւը՝ ք­.ա. 782 թուա­կան, եւ կը հա­մա­րո­ւի քա­ղա­քի «ծննդա­կան»ը: Է­րե­բու­նի-Ե­րե­ւա­նը հիմ­նադ­րո­ւած է Հ­ռո­մէն 29 տա­րի ա­ռաջ, ­Բա­բե­լո­նի ու ­Նի­նո­ւէի հա­սա­կա­կիցն է, բայց, ի տար­բե­րու­թիւն վեր­ջին­նե­րուս, դար­ձած է 21րդ ­դա­րու ծաղ­կուն քա­ղաք­նե­րէն մէ­կը:

«Է­րե­բու­նի-Ե­րե­ւան»ի ա­ռա­ջին պաշ­տօ­նա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ 1968 թո­ւա­կա­նի ­Հոկ­տեմ­բե­րին, երբ կը նշո­ւէր մայ­րա­քա­ղա­քի հիմ­նադ­րու­թեան 2750րդ ­տա­րե­դար­ձը: Այդ օ­րե­րուն հրա­տա­րա­կո­ւած են Ե­րե­ւա­նի պատ­մու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող նոր գիր­քեր, ցու­ցադ­րո­ւած են Ե­րե­ւա­նի ա­ռօ­րեան ար­տա­ցո­լող նոր ժա­պա­ւէն­ներ, բա­ցուած են ցու­ցա­հան­դէս­ներ, ստեղ­ծո­ւած Ե­րե­ւա­նի մա­սին նո­րերգ­ներ, իսկ 2750 հո­գի­նոց երգ­չա­խում­բը ա­ռա­ջին ան­գամ կա­տա­րած է «է­րե­բու­նի-Ե­րե­ւան» օրհ­ներ­գը:

Ն­շա­նա­կա­լից ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն էր նաեւ Ե­րե­ւա­նի հիմ­նադր­ման թան­գա­րա­նի բա­ցու­մը Ա­րին-բերդ բլու­րի ստո­րո­տին: ­Թան­գա­րա­նին յա­րող փո­ղո­ցը ա­նո­ւա­նա­կո­չո­ւե­ցաւ «Է­րե­բու­նի», բա­ցո­ւե­ցաւ 2750 շատ­րո­ւան­նե­րով պու­րա­կը, աղ­բիւր-յու­շար­ձան տե­ղադ­րո­ւե­ցաւ ­Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ, նա­խագ­ծո­ւե­ցաւ «Է­րե­բու­նի» գոր­գը, 2750 ծառ տնկո­ւե­ցաւ Ա­րին-բեր­դի ստո­րո­տին, իսկ յո­բե­լի­նա­կան բազ­մա­թիւ ձեռ­նարկ­նե­րը եզ­րա­փա­կո­ւե­ցան­Հան­րա­պե­տա­կան մար­զա­դաշ­տին մէջ՝ հան­րա­հա­ւաք-տօ­նա­հան­դէ­սով: