altՆոր կազ­մո­ւած կա­ռա­վա­րու­թեան ա­ռա­ջին նիս­տէն ա­ռաջ, վար­չա­պե­տին եւ նոր նշա­նա­կո­ւած նա­խա­րար­նե­րուն հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, ­­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­­Սերժ ­­Սարգ­սեան ը­սած է, որ ակն­յայտ է, թէ կա­ռա­վա­րու­թեան ա­ռա­ջին խնդի­րը կա­ռա­վար­ման

ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան բարձ­րա­ցումն է:

«Ե՛ւ աշ­խար­հի, ե՛ւ մեր շրջա­նի, ե՛ւ ­­Հա­յաս­տա­նի մէջ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու պա­կաս չկայ: Ակըն­յայտ է, որ շատ ա­ւե­լի դիւ­րին է զար­գա­նալ, շատ ա­ւե­լի դիւ­րին է հաս­նիլ բարձր տնտե­սա­կան ար­դիւնք­նե­րու, երբ շուրջդ խա­ղաղ է, երբ քու դրա­ցի ու գոր­ծըն­կեր եր­կիր­նե­րը ու­նե­նան տնտե­սա­կան աճ:

Եւ շատ ա­ւե­լի բարդ է, երբ կան ար­տա­քին բա­ցա­սա­կան ազ­դակ­ներ, բայց դուն պար­տա­ւոր ես կա­տա­րելու ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը եւ ու­նե­նալու զար­գա­ցում», ը­սած է նա­խա­գա­հը` շա­րու­նա­կե­լով.- «­­Մե­զի, վստա­հա­բար, անհ­րա­ժեշտ է շա­րու­նա­կել ըլ­լալ մրցու­նակ եւ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօրէն բարձ­րաց­նել մեր տնտե­սու­թեան ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը:
Իմ հա­մո­զումս է, եւ աշ­խար­հի փոր­ձը այդ մա­սին կը վկա­յէ, որ կա­րե­լի է եւ պէտք է ա­ւե­լի լաւ, ա­ւե­լի տրա­մա­բա­նա­կան կա­ռա­վա­րել հա­մեստ մի­ջոց­նե­րը եւ հաս­նիլ ան­հա­մե­մատ ա­ւե­լի լաւ ար­դիւնք­նե­րու:

­­Կը կար­ծեմ` մեր հա­սա­րա­կու­թիւնն ալ նոյն ակնկա­լիք­նե­րը ու­նի»: ­­Նա­խա­գա­հը դի­տել տո­ւած է, որ ­­Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան եւ ընդ­հան­րա­պէս հա­սա­րա­կու­թեան նե­րու­ժը ա­ւե­լի կազ­մա­կեր­պո­ւած եւ նպա­տա­կա­յին աշ­խա­տան­քի մէջ է` ա­ւելց­նե­լով, որ սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րով ­­Հա­յաս­տա­նի մէջ տէ ֆաք­թօ ըն­թացք ա­ռած են հա­մա­կար­գա­յին փո­փո­խու­թիւն­նե­րը:

«Այս տե­սան­կիւ­նէն ներ­կայ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը լրջա­գոյն դե­րա­կա­տա­րու­թիւն կը ստանձ­նէ. այն է` դառ­նալ այս փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն շար­ժիչ ուժն ու ի­րա­կա­նաց­նո­ղը: ­­Կա­ռա­վար­ման կի­սա­նա­խա­գա­հա­կան հա­մա­կար­գէն ան­ցու­մը խորհր­դա­րա­նա­կան կա­ռա­վար­ման, կը փո­խէ ոչ միայն երկ­րին կա­ռա­վար­ման ձե­ւը, այ­լեւ նախ եւ ա­ռաջ հա­ւա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թեան եւ հա­ւա­քա­կան վե­րա­բեր­մուն­քի փո­փո­խու­թեան հարց կը լու­ծէ»,- ընդգ­ծած է ­­Սերժ ­­Սարգ­սեան:

«­­Թե­րեւս, մար­դիկ ամ­բող­ջո­վին չեն ալ պատ­կե­րաց­ներ, թէ ի՛նչ տա­րո­ղու­թեամբ փո­խո­ւած է մեր ի­րա­կա­նու­թիւ­նը սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու եւ նոր կա­ռա­վար­ման ձե­ւի անց­ման հան­գա­ման­քով:

Ձե­զի վի­ճա­կո­ւած է դառ­նալ այս ան­ցու­մա­յին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ա­ռաջ­նոր­դը, եւ ես կը հա­ւա­տամ ձեր ու­ժե­րուն, կը հա­ւա­տամ, որ ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան այս կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կրնայ ը­նել այն, ինչ որ չեն յա­ջո­ղած ը­նել նախ­կին բո­լոր կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը»,- ը­սած է նա­խա­գա­հը` վստա­հեց­նե­լով.- «Վս­տա­հա­բար, այս աշ­խա­տան­քին մէջ դուք մի­նակ պի­տի չըլ­լաք, ներ­դաշ­նա­կօ­րէն պի­տի գոր­ծեն մեր երկ­րին բո­լոր պե­տա­կան օ­ղակ­նե­րը: Ես ա­տի­կա կը խոս­տա­նամ:

­­Ձե­զի պի­տի սա­տա­րեն, պի­տի ա­ջակ­ցին, ձե­զի պի­տի ո­գե­ւո­րեն, պի­տի քա­լենք նոյն ուղ­ղու­թեամբ, բայց ինչ­պէս ը­սի` շար­ժիչ ու­ժը պէտք է ըլ­լայ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, շի­նա­րա­րը պէտք է ըլ­լայ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը»:

Նա­խա­գա­հին հա­մա­ձայն, այս նոր կա­ռա­վա­րու­թեան յա­ջո­ղու­թեամբ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած են այն ակըն­կա­լու­թիւն­նե­րը, զորս այ­սօր ու­նի մեր ժո­ղո­վուր­դը: Ու­րեմն, պէտք է լիար­ժէ­քօ­րէն լծո­ւիլ աշ­խա­տան­քի: «Իմ յոր­դորն է` նո­ւի­րուի՛լ անմ­նա­ցորդ: Աշ­խա­տան­քա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ շատ դժո­ւա­րու­թիւն­ներ կրնան ըլ­լալ, բայց ե­ղէ՛ք ա­մուր, հաս­տա­տա­կամ, ինչ­պէս եւ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած ենք, նե­ղա­նալ եւ սրտնե­ղիլ չկայ:

­Բո­լորս պէտք է հասկ­նանք, երբ մենք կ­­՛անց­նինք պե­տա­կան ծա­ռա­յու­թեան, ա­պա միշտ անձ­նա­կա­նը պէտք է մղո­ւի երկ­րորդ, ա­ւե­լի ճիշդ` երկ­րոր­դա­կան գիծ»,- յայ­տա­րա­րած է ­­Սերժ ­­Սարգ­սեան:
Ան կա­ռա­վա­րու­թեան յոր­դո­րած է ըլ­լալ միաս­նա­կան` նշե­լով, որ վար­չա­պե­տը սոսկ ղե­կա­վա­րը չէ կա­ռա­վա­րու­թեան, այլ ա­ռաջ­նոր­դը.- «­­Մենք, իս­կա­պէս, շատ բան ու­նինք ը­նե­լիք եւ այդ ճամ­բուն վրայ պի­տի ըլ­լանք հաս­տա­տա­կամ: ­­Մենք պէտք է միայն յա­ռաջ ըն­թա­նանք: ­­Հար­ցե­րու, խնդիր­նե­րու ժա­մա­նակ մի՛ փոր­ձէք ա­նոնց ար­մատ­նե­րը տես­նել ան­ցեա­լին մէջ: Ա­տի­կա ա­մէ­նէն դիւ­րինն է:

Միշտ պէտք է գտնել յա­ռաջ ըն­թա­նա­լու ու­ղի­նե­րը: Այս է միայն յաղ­թա­նա­կի բա­նա­ձե­ւը, եւ ես վստահ եմ, որ մեր միաս­նա­կան աշ­խա­տան­քը յա­ջո­ղու­թիւն պի­տի բե­րէ»,- կա­ռա­վա­րու­թեան ան­դամ­նե­րուն ը­սած է ­­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը:

Վար­չա­պետ ­­Կա­րէն ­­Կա­րա­պե­տեան կա­ռա­վա­րու­թեան ա­նու­նով շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է նա­խա­գա­հին վստա­հու­թեան ու պար­տա­ւո­րեց­նող խօս­քե­րուն հա­մար` հաս­տա­տե­լով, որ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը իր ա­մէ­նօ­րեայ աշ­խա­տան­քով ազ­դակ պի­տի հա­ղոր­դէ ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցիին` ա­նոր սպա­սում­ներն ու ակն­կա­լիք­նե­րը բա­ւա­րա­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ ըն­թա­նա­լու վե­րա­բե­րեալ:

Վար­չա­պե­տը նշած է, որ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն ներ­կա­յա­ցո­ւե­լիք կա­ռա­վա­րու­թեան ծրա­գի­րին մէջ պի­տի նշո­ւին այն քայ­լերն ու նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց ա­ռանց­քը ­­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցիին անվը­տանգ եւ ա­պա­հով զգա­լու, ար­դար մի­ջա­վայ­րի մէջ ապ­րե­լու, ա­պա­գա­յի նկատ­մամբ հա­ւատք ու­նե­նա­լու կա­րե­լիու­թեան ու պայ­ման­նե­րու ա­պա­հո­վումն է:

Կա­րա­պե­տեան հաս­տա­տած է, որ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը իր գոր­ծու­նէու­թեան ամ­բողջ ըն­թաց­քին պի­տի աշ­խա­տի հա­սա­րա­կու­թեան հետ ա­ռա­ւե­լա­գոյն յե­տա­դարձ կա­պով եւ պար­բե­րա­բար պի­տի բա­ցատ­րէ, թէ ի՛նչ աշ­խա­տանք կը տա­նի, ի՛նչ նպա­տա­կով, որ­մէ ետք պի­տի լսէ հա­սա­րա­կու­թեան ակն­կա­լու­թիւն­ներն ու խոր­հուրդ­նե­րը: