­altՀա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նար­կի տնօ­րէն ­Հայկ ­Դե­մո­յեան՝ «­Հեն­րի ­Մոր­կեն­թաու»ի ա­նո­ւան ոս­կէ մե­տա­լով պար­գե­ւատ­րած է մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի մաս­նա­գէտ, «­Նիւ Եորք ­Լայֆ» ա­պա­հո­վագ­րա­կան ըն­կե­րու­թեան դէմ ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու

ժա­ռանգ­նե­րու ա­նու­նով դատ բա­ցած եւ շա­հած փաս­տա­բան, «­Վարդ­գէս Ե­ղիա­յեան» փաս­տա­բա­նա­կան գրա­սե­նեա­կի հիմ­նա­դիր-ղե­կա­վար ­Վարդ­գէս Ե­ղիա­յեա­նը:

Այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նար­կի կայ­քը:
­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ա­մե­րի­կա­հայ յայտ­նի ի­րա­ւա­բան ­Վարդ­գէս Ե­ղիա­յեան խօ­սած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու ժա­ռան­գորդ­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու վե­րա­կանգն­ման շուրջ տա­րո­ւող աշ­խա­տանք­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ, պատ­մած դա­տա­կան ա­ռա­ջին գոր­ծըն­թաց­նե­րու նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին:

1999-ին փաս­տա­բան Ե­ղիա­յեան ա­նակն­կալ բա­ցա­յայ­տում կա­տա­րած է Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ Ա.Մ.Ն. դես­պան ­Հեն­րի ­Մոր­կեն­թաո­ւի յու­շագ­րու­թիւն­նե­րը կար­դա­լու ըն­թաց­քին: Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ հպա­տակ հա­զա­րա­ւոր հա­յեր, մին­չեւ 1915-ի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մեկ­նար­կը, «New York Life» ըն­կե­րու­թե­նէն ձեռք բե­րած են ա­պա­հո­վագ­րու­թիւն, իսկ ա­ւե­լի ուշ ջար­դե­րէն մա­զա­պուրծ ըն­տա­նիք­նե­րու ան­դամ­նե­րուն հրա­ժա­րած են յատ­կաց­նել ի­րենց հա­սա­նե­լի գու­մար­նե­րը: «New York Life» ըն­կե­րու­թիւ­նը՝ ջար­դե­րուն զոհ գա­ցած ան­ձե­րու ժա­ռանգ­նե­րէն միայն մէկ եր­րոր­դին հա­տու­ցում տո­ւած է:

­Դեռ ա­ռա­ջին շա­հած դա­տէն ա­ռաջ՝ ­Վարդ­գէս Ե­ղիա­յեա­նի միջ­նոր­դու­թեամբ՝ Ա.Մ.Ն ­Քա­լի­ֆոր­նիա նա­հան­գին մէջ օ­րէնք ըն­դու­նո­ւած է Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ վա­ճա­ռո­ւած ա­պա­հո­վագ­րու­թիւն­նե­րու փոխ­հա­տուց­ման կար­գին վե­րա­բե­րեալ:
Այ­նու­հե­տեւ Ե­ղիա­յեա­նը ո­րո­շած է հայց ներ­կա­յաց­նել ընդ­դէմ «New York Life» ըն­կե­րու­թեան: Ան գտած է ­Մար­թին ­Մա­րու­թեա­նը, որ պահ­պա­նած էր իր զո­հո­ւած հօ­րեղ­բօր` ­Սեդ­րակ ­Չէյ­թա­նեա­նին պատ­կա­նող «New York Life»-ի ա­պա­հո­վագ­րու­թեան փաս­տա­թուղ­թե­րը:

2004 թո­ւա­կա­նին դա­տա­կան հայ­ցը վերջ­նա­կա­նա­պէս լու­ծո­ւե­ցաւ 20 մի­լիոն տո­լա­րի չա­փով հա­տու­ցում. սահ­մա­նո­ւե­ցան այն քայ­լե­րը, որ­մով ­Մա­րու­թեանն ու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 2400 զո­հե­րու ժա­ռանգ­նե­րը կրնա­յին վեր­ջա­պէս ստա­նալ ի­րենց գու­մար­նե­րը, որ ա­պա­հո­վագ­րո­ւած էր շուրջ 100 տա­րի ա­ռաջ: Վ­ճի­ռը նաեւ կը նա­խա­տե­սէր 3 մի­լիոն տո­լար յատ­կաց­նել ի­նը հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցիի եւ բա­րե­գոր­ծա­կան խում­բե­րու: Ընդ­հա­նուր առ­մամբ, ­Վարդ­գէս Ե­ղիա­յեա­նի փաս­տա­բա­նա­կան գրա­սե­նեա­կը, այս դա­տա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին, շա­հած է մօտ 55 մի­լիոն տո­լար գու­մար, ո­րոնք բաժ­նո­ւած են ժա­ռան­գորդ­նե­րու մի­ջեւ:

­Վարդ­գէս Ե­ղիա­յեա­նի հարց­ման ըն­դա­ռաջ՝ նի­ւեոր­քեան ա­պա­հո­վագ­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը տրա­մադ­րած է ի­րենց ար­խիւ­նե­րէն մէ­կուն մէջ ան­կի­զե­լի կնքո­ւած պա­հա­րա­նի մը մէջ գրե­թէ հրաշ­քով պահ­պա­նո­ւած ի­րենց կեան­քը ա­պա­հո­վագ­րած շուրջ 40 հա­զար հա­յե­րու ցու­ցակ­ներ, ուր կար ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն` հաս­ցէ­ներ, անձ­նա­կան տո­ւեալ­ներ եւ ման­րա­մասն նկա­րագ­րու­թիւն:

Ա­մե­րի­կեան դա­տա­կան նա­խա­դէ­պէն յե­տոյ, Ե­ղիա­յեան գրա­սե­նեա­կը յա­ջո­ղու­թեամբ շա­հե­ցաւ նմա­նա­տիպ դա­տեր նաեւ եւ­րո­պա­կան դրա­մա­տու­նե­րու դէմ:
Ե­ղիա­յեա­նի, ­Մա­րու­թեա­նի եւ հայ հա­մայն­քի հա­մար դա­տա­վա­րու­թիւ­նը լոկ գու­մա­րի պա­հանջ չէր: Ա­նի­կա ձեռք­բե­րում մըն էր ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 1,5 մի­լիոն զո­հե­րու հան­րա­յին ճա­նաչ­ման եւ ար­դա­րու­թեան պա­հան­ջի գոր­ծին մէջ:

­Հոկ­տեմ­բեր 4-ին կա­յա­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին հան­րու­թեան ներ­կա­յա­ցո­ւած է ­Սէյ­րա­նու­հի ­Գե­ղա­մեա­նի «­Նո­ւի­րում» փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան վի­պա­կը՝ ­Վարդ­գէս Ե­ղիա­յեա­նի կեան­քին եւ գոր­ծին մա­սին: