Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Թր­քա­կան «­Հիւր­րի­յէթ» օ­րա­թեր­թը կը հա­ղոր­դէ, որ Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի Ցե­ղա­պաշ­տու­թեան եւ ան­հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան դէմ եւ­րո­պա­կան յանձ­նա­խում­բը իր մտա­հո­գու­թիւ­նը յայտ­նած է Թուր­քիոյ մէջ կրօ­նա­կան, սե­ռա­յին եւ ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն դէմ ա­տե­լու­թեան խօս­քին եւ բռնու­թեան ա­ճին առնչու­թեամբ:

Յանձ­նա­խում­բը մաս­նա­ւո­րա­բար յի­շեց­նե­լով հա­յե­րուն դէմ Էր­տո­ղա­նի կա­տա­րած ոչ պատ­շաճ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը, նշած է, որ պե­տու­թեան բարձ­րաս­տի­ճան ղե­կա­վար­նե­րուն կող­մէ ա­տե­լու­թեան խօս­քը մտա­հո­գու­թեան ա­ռանձ­նա­յա­տուկ նիւթ է:
Յանձ­նա­խում­բը անդ­րա­դար­ձած է Օ­գոս­տոս 2014-ին Էր­տո­ղա­նի կա­տա­րած այն յայ­տա­րա­րու­թեան, ո­րուն մէջ ան նշած էր. «Ա­նոնք ին­ծի ը­սած են, թէ վրա­ցի եմ… մին­չեւ իսկ ա­ւե­լի վատ բա­ներ ը­սած են:

Ա­նոնք զիս ա­նո­ւա­նած են, նե­րե­ցէ՛ք ար­տա­յայ­տու­թեանս հա­մար, հայ, սա­կայն ես թուրք եմ»: «­Ցե­ղա­պաշ­տու­թեան եւ ան­հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան դէմ եւ­րո­պա­կան յանձ­նա­խում­բը խստօ­րէն կը յոր­դո­րէ պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը եւ քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վար­նե­րը դադ­րեց­նել ա­տե­լու­թիւն պա­րու­նա­կող խօս­քը: Խորհր­դա­րա­նը եւ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պէտք է ըն­դու­նին օ­րէնք­ներ, ո­րոնք կ­՛ար­գի­լեն ա­տե­լու­թեան խօս­քը», 4 Հոկ­տեմ­բե­րին կ­՛ը­սո­ւի հրա­պա­րա­կո­ւած զե­կու­ցու­մին մէջ: Յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը նշած են, որ շատ պա­րա­գա­նե­րու ա­տե­լու­թիւն քա­րո­զող ան­ձեր ան­պա­տիժ կը մնան:

Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի ցե­ղա­պաշ­տու­թեան եւ ան­հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան դէմ եւ­րո­պա­կան յանձ­նա­խում­բը ընդգ­ծած է, որ ա­տե­լու­թիւն պա­րու­նա­կող խօս­քը լայ­նօ­րէն կի­րար­կո­ւած է հա­սա­րա­կա­կան ան­ձե­րու եւ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու կող­մէ, ինչ­պէս նաեւ լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րուն մէջ: Յ­ղում կա­տա­րե­լով «Հ­րանդ Տինք հիմ­նադ­րամ»-ի տա­րե­կան զե­կու­ցու­մին` յանձ­նա­խում­բը նշած է, որ չորս ան­գա­մով ա­ւել­ցած է լրա­տո­ւու­թեան մէջ ա­տե­լու­թեան քա­րո­զը: