Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի Ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ եւրոպական յանձնախումբը իր մտահոգութիւնը յայտնած է Թուրքիոյ մէջ կրօնական, սեռային եւ ազգային փոքրամասնութիւններուն դէմ ատելութեան խօսքին եւ բռնութեան աճին առնչութեամբ:
Յանձնախումբը մասնաւորաբար յիշեցնելով հայերուն դէմ Էրտողանի կատարած ոչ պատշաճ արտայայտութիւնները, նշած է, որ պետութեան բարձրաստիճան ղեկավարներուն կողմէ ատելութեան խօսքը մտահոգութեան առանձնայատուկ նիւթ է:
Յանձնախումբը անդրադարձած է Օգոստոս 2014-ին Էրտողանի կատարած այն յայտարարութեան, որուն մէջ ան նշած էր. «Անոնք ինծի ըսած են, թէ վրացի եմ… մինչեւ իսկ աւելի վատ բաներ ըսած են:
Անոնք զիս անուանած են, ներեցէ՛ք արտայայտութեանս համար, հայ, սակայն ես թուրք եմ»: «Ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ եւրոպական յանձնախումբը խստօրէն կը յորդորէ պաշտօնատարները եւ քաղաքական ղեկավարները դադրեցնել ատելութիւն պարունակող խօսքը: Խորհրդարանը եւ կառավարութիւնը պէտք է ընդունին օրէնքներ, որոնք կ՛արգիլեն ատելութեան խօսքը», 4 Հոկտեմբերին կ՛ըսուի հրապարակուած զեկուցումին մէջ: Յանձնախումբի անդամները նշած են, որ շատ պարագաներու ատելութիւն քարոզող անձեր անպատիժ կը մնան:
Եւրոպական խորհուրդի ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ եւրոպական յանձնախումբը ընդգծած է, որ ատելութիւն պարունակող խօսքը լայնօրէն կիրարկուած է հասարակական անձերու եւ մտաւորականներու կողմէ, ինչպէս նաեւ լրատուամիջոցներուն մէջ: Յղում կատարելով «Հրանդ Տինք հիմնադրամ»-ի տարեկան զեկուցումին` յանձնախումբը նշած է, որ չորս անգամով աւելցած է լրատուութեան մէջ ատելութեան քարոզը: