Հ.Հ. Ազգային Վիճակագրութեան Ծառայութեան (Ա.Վ.Ծ.) հրապարակած տուեալներուն համաձայն` 2016ի Յունուար-Օգոստոսին Հայաստանի մէջ արտադրուած է 11.468,8 հազար լիթր քոնեակ, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճած է
29,3%ով:
Ա.Վ.Ծ.ի փոխանցումով` 2015ի նոյն ժամանակահատուածին հանրապետութեան մէջ արտադրուած է 8.872,6 հազար լիթր քոնեակ: Պաշտօնական վիճակագրութեան համաձայն` մեր երկրին մէջ աճած են նաեւ գինիի արտադրութեան ծաւալները: Մասնաւորապէս, այս տարուան Յունուար-Օգոստոսին Հայաստանի մէջ արտադրուած է 3779,1 հազար լիթր գինի. ցուցանիշը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճած է 8,4%ով:
Նշենք, որ 2015ի Յունուար-Օգոստոսին Հայաստանի մէջ արտադրուած է 3.485,2 հազար լիթր գինի: