Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը կը նախատեսէ 2012-ի Ապրիլէն մինչեւ Հոկտեմբեր ինկած ժամանակաշրջանին իրականացնել «Իմ Հայաստան» խորագիրով համահայկական փառատօն (նախկին «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» համահայկական մշակութային փառատօնի նման), որուն ծիրին մէջ պիտի կազմակերպուին կարգ մը ձեռնարկներ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:


Փառատօնի նպատակը Հայաստան-սփիւռք, սփիւռք-սփիւռք մշակութային կապերու եւ համագործակցութեան կարելիութիւններու ընդլայնման նպաստելն է: Փառատօնին կրնան մասնակցիլ ստեղծագործական խումբեր, անհատ կատարողներ, մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ, գրողներ, թատերական գործիչներ, պարուսոյցներ եւ արուեստագէտներ:
Փառատօնի հիմնական ուղղութիւններն են՝ պարարուեստ, երգչախմբային արուեստ, գրականութիւն եւ այլ սեռեր:
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը սփիւռքէն ժամանող մասնակիցները կ՛ապահովէ կացարանով, կը հոգայ սնունդի ծախսերը, կը տրամադրէ համապատասխան սրահներ: