Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Վիլնիւսի մէջ, ԵԱՀԿ Նախարարական խորհուրդի հանդիպման կապակցութեամբ, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի անդամ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները՝ Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լավրովը, ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Հիլարի Քլինթոնը, Ֆրանսայի եւրոպական հարցերով պետական քարտուղար Ժան Լեոնետտին, Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Էլմար Մամետեարովը եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը կը վերահաստատեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու կարեւորութիւնը:

Վկայակոչելով 2008թ. Նոյեմբերի Մոսկովեան հռչակագիրը, ինչպէս նաեւ իրենց երկիրներու յայտարարութիւնները՝ Հելսինկիի (2008թ.) եւ Աթէնքի մէջ (2009թ.) ԵԱՀԿ Նախարարական խորհուրդի հանդիպումներու ժամանակ եւ Աստանայի մէջ՝ ԵԱՀԿ գագաթաժողովին ընթացքին(2010թ.), հինգ պատուիրակութիւններու ղեկավարները համաձայնութեան եկան ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս բանակցային գործընթացը շարունակելու եւ խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ առաջըթնաց գրանցելու նպատակով՝ մթնոլորտը բարելաւելու անհրաժեշտութեան շուրջ: Որպէս միտուած քայլ, համաձայնեցան, որ պէտք է հետագայ ջանքեր գործադրուին հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան մեխանիզմի մանրամասնութիւններու մշակման ուղղութեամբ, որը կը բխի 2011թ. Մարտ 5-ին Սոչիի մէջ նախագահներ Ալիեւի, Սարգսեանի եւ Մեդվեդեւի ընդունած համատեղ յայտարարութենէն:
Ընդգծելով 2011թ. Մայիս 26-ին Տովիլի մէջ իրենց նախագահներու կողմէ եղած յայտարարութիւնը, որը կոչ կÿընէր Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին վերջնականացնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հիմնարար սկզբունքները, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու  պատուիրակութիւններու ղեկավարները ափսոսանք կը յայտնեն, որ կողմերը անկարող եղան կատարելու այդ վճռական քայլը:
Երեք պատուիրակութիւններու ղեկավարները վերահաստատեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի, եւ որ Միաւո-րուած ազգերու կանոնադրութիւնը, Հելսինկիի եզրափակիչ ակտի սկզբունքները, իրենց նախագահներու՝ 2009թ. Յուլիսին լ’Աքվիլայի եւ 2010թ. Յունիսին Մուսկուայի մէջ եղած համատեղ յայտարարութիւններուն մէջ նշուած տարրերը բոլոր կողմերուն կը նախանշեն անընդունելի ստատուս քուոյի ծիրէն ներս դուրս գալու ուղին՝ խաղաղ կարգաւորման հասնելու նպատակով: 2007թ. Մատրիդի ԵԱՀԿ ԱԳ նախարարներու խորհուրդի հանդիպումէն ի վեր, ամենաբարձր մակարդակով կայացած բանակցութիւններու լոյսի ներքոյ, երեք պատուիրակութիւն-ներու ղեկավարները կոչ կÿընեն կողմերուն հետագայ ուշադիր քննութեան առնել համանախագահ երկիրներու կողմէ իրենց ներկայացուած առաջարկութիւնները:
Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ԱԳ նախարարները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին համանախագահ երկիրներու ջանքերու, ինչպէս՝ նախագահներ Մեդվեդեւի, Օպամայի եւ Սարքոզիի անձնական ներգրաւուածութեան համար՝ միտուած օժանդակելու իրենց երկիրներուն՝ հասնելու համապարփակ խաղաղ կարգաւորման շրջանակի: Անոնք տեղեկացուցին համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն, որ իրենց նախագահները պատրաստ են մօտ ապագային վերստին հանդիպելու համանախագահ երկիրներու հովանիին տակ՝ ուղիղ երկխօսութիւնը շարունակելու համար՝ հիմնուելով իրենց ժողովուրդներուն խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման ճանապարհով տանելուն ուղղուած վերջին շրջանի փորձառութեան վրայ:
ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի յայտարարութեան գրաւոր պատճէնը մամուլին փոխանցուեցաւ երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ: