Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altԼ.Ղ.Հ. Ա.Ժ. նա­խա­գահ Ա­շոտ ­­Ղու­լեան ­­Սեպ­տեմ­բեր 27-ին ըն­դու­նած է ­­Պա­րո­նու­հի ­­Քե­րո­լայն ­­Քօք­սը եւ ա­նոր հետ Ար­ցախ ժա­մա­նած ­­Մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թիւն բա­րե­գոր­ծա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան (HART-Humanitarian Aid Relief Trust) ան­դամ­նե­րը, կը հա­ղոր­

դէ «Ա­պա­ռաժ» կայ­քը:

Ող­ջու­նե­լով հիւ­րե­րը` խորհր­դա­րա­նի ղե­կա­վա­րը ընդգ­ծած է, որ ­­Պա­րո­նու­հի ­­Քօք­սի 85րդ­ այ­ցը ­­Լեռ­նա­յին ­­Ղա­րա­բա­ղի ­­Հան­րա­պե­տու­թիւն յատ­կան­շա­կան է այն ի­մաս­տով, որ տե­ղի կ­­՛ու­նե­նայ Ար­ցա­խի ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան 25ա­մեա­կի օ­րե­րուն:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար` ­­Պա­րո­նու­հին նշած է, որ ա­մէն ան­գամ այ­ցե­լե­լով Ար­ցախ` կը նկա­տէ յա­ռա­ջըն­թաց եւ են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րու զար­գա­ցում, ինչ որ ի­րեն կ­­՛ո­գեշն­չէ եւ կ­­՛ո­գե­ւո­րէ:

«Ես ու­րախ եմ աշ­խա­տե­լով ձեր եւ հայ­կա­կան Ս­փիւռ­քի հետ: ­­Պատ­րաստ եմ շա­րու­նա­կե­լու իմ մաս­նա­գի­տա­կան եւ մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին եւ իւ­րա­քան­չիւր այ­ցի ըն­թաց­քին նոր մար­դոց ծա­նօ­թաց­նե­լու Ար­ցա­խի ի­րա­կան պատ­մու­թիւ­նը»,- նշած է ­­Քե­րո­լայն ­­Քօքս:

­­Կող­մե­րը քննար­կած են խորհր­դա­րա­նա­կան կա­պե­րու ընդ­լայն­ման, մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան, Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ գոր­ծող վե­րա­կանգ­նո­ղա­կան կեդ­րո­նի գոր­ծու­նէու­թեան, ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն ետք փաս­տե­րու հա­ւա­քագր­ման եւ մար­դա­սի­րա­կան բնոյ­թի այլ թե­մա­ներ:

­­Հան­դի­պու­մին կը մաս­նակ­ցէին Ա.Ժ. ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ար­զիկ Մ­խի­թա­րեան եւ ըն­կե­րա­յին ու ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան հար­ցե­րու մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ա­րամ Գ­րի­գո­րեան: