Երկուշաբթի՝ 26 Սեպտեմբեր 2016ին, Արամ Խաչատուրեանի անուան մեծ համերգասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ 170ամեակին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25ամեակին նուիրուած
յոբելինական գլխաւոր տօնախմբութիւնը` սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի «Հովեր» երգչախումբին եւ Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբին մասնակցութեամբ:
Հանդիսութեան ներկայ էին աշխարհի տարբեր կողմերէ Հայաստան հասած հայ աւետարանական եկեղեցիներու հովիւները, Հայաստանի Հանրապետութեան պետական եւ հոգեւոր բարձրաստիճան այրեր:
Տօնախմբութեան ընթացքին շնորհաւորական ուղերձներով հանդէս եկան Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նախագահ վեր. Նազարէթ Տարագճեան եւ գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան, Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի (Հ.Ա.Հ.Խ.) գործադիր տնօրէն վեր. դոկտ. Վահան Թութիկեան, իսկ փակման խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Ա.Հ.Խ.ի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան:
Տօնախմբութեան աւարտին հնչեց Եկմալեանի «Հայր Մեր» շարականը, որուն կատարման յոտնկայս միացաւ ամբողջ սրահը:
Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի օրհնութեան խօսքով: