Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altՀա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան 27 Սեպ­տեմ­բե­րին ստո­րագ­րած է հրա­մա­նա­գիր­ներ, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին 11 նա­խա­րար­նե­րու նշա­նակ­ման:

Լե­ւոն Մկրտ­չեան նշա­նա­կո­ւած է կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րար, ­Դա­ւիթ ­Լո­քեան` տա­րած­քա­յին կա­ռա­վար­ման եւ զար­գաց­ման նա­խա­րար, Հ­րա­նուշ ­Յա­կո­բեան` սփիւռ­քի նա­խա­րար, Ար­փի­նէ ­Յով­հան­նի­սեան` ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար, Ար­մէն Ե­րի­ցեան` ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու նա­խա­րար, Ար­տեմ Ա­սատ­րեան` աշ­խա­տան­քի եւ ըն­կե­րա­յին հար­ցե­րու նա­խա­րար: ­

Վեց նա­խա­րար­ներն ալ նոյն պաշ­տօն­նե­րը կը վա­րէին նաեւ նա­խորդ կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մին մէջ: ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի հա­սա­րա­կու­թեան եւ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան մի­ջոց­նե­րու հետ կա­պե­րու վար­չու­թեան փո­խան­ցու­մով, Ար­մէն Ա­մի­րեան նշա­նա­կո­ւած է մշա­կոյ­թի նա­խա­րար` ա­զատ կա­ցու­ցո­ւե­լով ­Հան­րա­յին հե­ռուս­տա­ռա­տիոըն­կե­րու­թեան խոր­հուր­դի ան­դա­մի պաշ­տօ­նէն:

­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէի գլխա­ւոր քար­տու­ղար Հ­րա­չեայ ­Ռոս­տո­մեան նշա­նա­կո­ւած է մարմ­նակր­թու­թեան եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հար­ցե­րու նա­խա­րար, տնտե­սու­թեան նախ­կին նա­խա­րար Ար­ծո­ւիկ ­Մի­նա­սեան` բնա­պահ­պա­նու­թեան նա­խա­րար, տնտե­սու­թեան նա­խա­րար նշա­նա­կո­ւած է ­Սու­րէն ­Կա­րա­յեան, ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար` ­Լե­ւոն Ալ­թու­նեան:
­Յի­շեց­նենք, որ մէկ շա­բաթ ա­ռաջ նշա­նա­կո­ւած էին ­Հա­յաս­տա­նի նոր կա­ռա­վա­րու­թեան ա­ռա­ջին վեց նա­խա­րար­նե­րը: